
Նախաձեռնութեամբ Նոր Ջուղայի Հայուհեաց բարեսիրական ընկերութեան վարչութեան, Շաբաթ, 23 Օգոստոսին Ս. Ամենափրկչեան վանքի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած ամէնամեայ բարեգործական ցուցահանդէս-վաճառքի բացումը:
Սոյն նախաձեռնութիւնը առիթ կը հանդիսանայ Ս. Ամենափրկչեան վանք այցելող պարսիկ եւ օտար այցելուներուն ծանօթացնելու հայկական մշակոյթը, յատկապէս ձեռարուեստի ծիրէն ներս:
Ցուցահանդէս-վաճառքը պիտի տեւէ մինչեւ Շաբաթ, 6 Սեպտեմբեր, եւ անոր հասոյթը պիտի ծառայէ բարեսիրական նպատակներու: