
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի 41րդ Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ անցած շաբաթավերջին, ՀԵԴի ճամբարին մէջ, մասնակցութեամբ 11 ուխտերէ ժամանած աւելի քան 30 պատգամաւորներու։
Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ նախորդ Կեդրոնական վարչութեան գործունէութիւնը եւ հայութիւնն ու ՀԵԴի ուխտերը յուզող շարք մը հարցերու քննարկումէն ետք, 2014-2015 տարեշրջանի գործունէութեան նախագիծ մը պատրաստուեցաւ՝ նկատի ունենալով յատկապէս Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով կազմակերպուելիք ձեռնարկները։
Ընդհանուր ժողովը նաեւ ընտրեց նոր Կեդրոնական վարչութիւն մը, որուն անդամներն են՝ Արփա Հացպանեան, Գէորգ Իսքաճեան, Ճոզէֆ Քասքանեան, Հրաչ Նովրուզեան, Ռաֆֆի Սենեքերիմեան, Սեւակ Չեքիճեան ու Վերժինի Թուլումեան։
Ընդհանուր ժողովին ներկայ էին ՀՅԴի Կեդրոնական կոմիտէի, ՀԵԴի ճամբարի վարչութեան, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ։