
Օրենճ Քաունթիի մէջ կայացած Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի այս տարուան «ՀԵԴի Օր»ը մեծ յաջողութեամբ պսակուած է՝ ապահովելով աւելի քան 200 հոգիի մասնակցութիւնը եւ ի մի բերելով ՀԵԴի ու ՀԵԴ Կրտսերներու զանազան մասնաճիւղերու անդամները։
Ձեռնարկին հասոյթը տրամադրուած է Օրենճ Քաունթիի ՀԵԴի «Աշոտ Երկաթ» ուխտին կողմէ Գիւմրիի օժանադակութեան ծրագիրին։
Յեղափոխական երգերով, խաղերով, մրցումներով ու քննարկումներով լեցուն այդ օրուան ընթացքին, 90 պատանիներ նաեւ տուին իրենց երդումը՝ միանալով ՀԵԴի Կրտսերներու շարքերուն, կնքահայրութեամբ՝ Վաչէ Թովմասեանի։
Բոլոր խաղերու կազմակերպումը ստանձնած էր Օրենճ Քաունթիի ՀԵԴ Կրտսերներու «Աղբիւր Սերոբ» մասնաճիւղը։
Նաեւ, այս տարուան ՀԵԴի «Երիտասարդական æոկատներ»ու ծրագիրի մասնակիցներէն՝ Տիգրան Խոտանեան, Բիւզանդ Պէրպէրեան, Քրիսթինա Պասթակեան, Քարին Շաթիկեան եւ Մարիսա Պազիկեան իրենց փորձառութիւնը բաժնեցին ներկաներուն հետ։
Դաստիարակչական նիւթեր ներկայացուցին նաեւ Պերճ Բարսեղեանն ու Ռազմիկ Սարգիսեանը, մինչ Անի Ղարիպեան հայկական պարեր սորվեցուց պատանիներուն։
(Քաղուած Ալիք Չէրչեանի Թղթակցութենէն)