
Շաբաթ, Օգոստոս 23ը յիշատակելի օր մը եղաւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Պատանեկան միութեան համար, երբ Օրենճ Քաունթիի Հայ կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «Հայ Պատանիի Օր»ուան նուիրուած միօրեայ հաւաք-տօնախմբութիւնը։
Հաւաքը կազմակերպուած էր տեղւոյն «Սերոբ Աղբիւր» Պատանեկան մասնաճիւղին կողմէ, մասնակցութեամբ աւելի քան 200 պատանիներու՝ բոլոր մասնաճիւղերէն։ Ծանօթացման եւ դաստիարակչական ծրագիրին ու խաղերուն կողքին, պատանիները ունեցան օգտաշատ եւ հաճելի օր մը, որ եզրափակուեցաւ երդման արարողութեամբ ու խրախճանքով։
Հովիտի «Սիմոն Վրացեան» Պատանեկան մասնաճիւղի պատանիներուն համար, աննախընթացօրէն հաճելի էր տեսնել ազգային ոգիով ու ընկերական սիրալիր յարաբերութեամբ հարուստ այդ մթնոլորտը։ Անոնք չզգացին ժամերուն սահիլը, մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը, երբ Կեդրոն վերադարձան։
Մասնաճիւղը վերջերս յարաճուն վերելք մը կ՛ապրի, շնորհիւ հետզհետէ աւելցող պատանիներու թիւին եւ վարիչ օգնական Միրա Արապեանի անխոնջ ջանքերուն. ան մանկավարժի իր մասնագիտութեամբ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ օգտակարն ու հաճելին միացնելու պատանիներու դաստիարակութեան ծիրին մէջ։ Պատանեկան աշխատանքներուն մեծ օժանդակութիւն կը բերէ նաեւ շրջանի Երիտասարդացի «Սարդարապատ» ուխտը, որ վարիչին հետ քայլ առ քայլ կը հետեւի պատանիներուն, բծախնդրօրէն պատրաստուած դաստիարակչական ծրագիրի գործադրութեան, օգտակար խաղերուն եւ ընկերական հաւաքներուն՝ միշտ վայելելով անվերապահ ու անսակարկ զօրակցութիւնը ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէին։
Օգսոտոս 23ի միօրեայ հաւաքին, 9 պատանիներ երդում տուին եւ միացան Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Սիմոն Վրացեան» Պատանեկան միութեան։ Ծնողներու եւ պատասխանատուներու ուրախութիւնը անգերազանցելի էր։ Բարի գալուստ մեր սիրելի պատանիներուն եւ բարի երթ անոնց՝ մեր շարքերուն մէջ։ Կոմիտէն, «Սարդարապատ» ուխտն ու վարիչները լիայոյս են, որ մասնաճիւղը հաստատակամ քայլերով կը քալէ դէպի նոր իրագործումներ։
«Սիմոն Վրացեան» Պատանեկան մասնաճիւղի հաւաքները տեղի կ՛ունենան ամէն Շաբաթ օր, ժամը 1էն մինչեւ 3, կեդրոնէն ներս՝ 5300 White Oak Avenue, Encino։ Անոնց կրնայ միանալ 9էն 16 տարեկան ամէն պատանի։ Հաւաքներու ընթացքին պատանիներուն փոխանցուած գաղափարական ու ազգային ոգին, նաեւ հայկական ընկերական մթնոլորտը կը ստեղծեն ապահով ու անփոխարինելի միջավայր մը, որուն իր զաւակները պէտք է վստահի ամէն ծնողք, զանոնք հեռու պահելու համար օտար եւ մեր ազգային դարաւոր ուղիի խորթ ազդեցութիւններէն։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, կրնաք կապ հաստատել Միրային հետ՝ հեռաձայնելով 818-310-1065 թիւին։
ՀՅԴ «ՌՈՍՏՈՄ» ԿՈՄԻՏԷ