
Հայ աւետարանչական միութիւնը (AMAA) կը տեղեկացնէ, թէ շարունակելով հայ աշակերտներու եւ ուսանողներու նեցուկ կանգնելու իր առաքելութիւնը՝ 2014-2015 կրթական տարեշրջանին համար 140,450 տոլարի կրթանպաստներ յատկացուցած է Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի զանազան համալսարաններ յաճախող 57 ուսանողներու։
Հայ աւետարանչական միութիւնը որոշած է այս տարի նաեւ 15,000 տոլարի կրթանպաստներ տրամադրել Հայաստանի համալսարանականներուն։ Հայ աշակերտներու եւ ուսանողներու տրամադրուող կրթանպաստներուն կողքին, Հայ աւետարանչական միութիւնը նիւթական աջակցութիւն կը տրամադրէ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ գործող հայկական շարք մը վարժարաններու եւ բարձրագոյն կրթական հաստատութեանց, ներառեալ՝ Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանին եւ նոյն քաղաքը գտնուող Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական կրթական հաստատութեան։
2015-2016 տարեշրջանի կրթանպաստներու դիմումները կ՛ընդունուին Յունուար 2015էն սկսեալ, մինչեւ Մայիս 1։