
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի ձեռնարկներու ցանկեր արդէն իսկ սկսած են հրապարակուելու: Մեր բիւրաւոր նահատակներու յիշատակը խնկարկելու, մեր բողոքն ու ցասումը արտայայտելու եւ մեր պահանջները յայտարարելու մղումը բոլորիս պարտքն է, բոլորիս իրաւո՛ւնքը: Պարտքի այս գիտակցութենէն մղուած՝ մեր իրականութեան մէջ գործող իւրաքանչիւր միութիւն, իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն, կրնայ մեծ ցանկութիւն ունենալ իր բաժին ծրագրումը բերելու հարիւրամեակի ձեռնարկներուն:
Այսուհանդերձ, նկատի առնելով, որ համագաղութային մարմին մը կոչուած է կարեւորագոյն, ամէնէն հնչեղ, ամէնէն ազդու ձեռնարկները կազմակերպելու պարտականութեան, մեզի կը մնայ ամէն ինչ ընել, որ այդ ձեռնարկները իրակականան ամենայն յաջողութեամբ:
Ուրեմն, շատ կարեւոր պիտի դառնայ համակարգուած մօտեցումը Հարիւրամեակի ձեռնարկներուն: Առաջին նկատառումը, զոր պէտք է խստօրէն շեշտել, այն է, որ կեդրոնական ձեռնարկներու օրերուն, նոյնիսկ անոնց անմիջական յարակից օրերուն պէտք է ուրիշ որեւէ ձեռնարկ չնախատեսել, չծրագրել: Անցեալ տարիներու մեր փորձառութիւնը մեզ կը թելադրէ, որ Ապրիլեան միջոցառումներու այնպիսի խճողուած ծրագիրներ կրնան մատուցուիլ համայնքիս, որոնք կրնան պատճառ դառնալ, որ հիմնական ձեռնարկները տուժեն, իսկ անոնց մասնակցողներու թիւը ակնկալուած տարողութիւնը չստանայ:
Կասկած չունինք, որ բոլորիս մտասեւեռումը հարիւրամեակը յիշատակելի դարձնելն է: Պէտք է մեր համայնքը ինքզինք ապացուցէ իբրեւ հզօր կազմակերպուածութիւն ունեցող հաւաքականութիւն, որ պատրաստ է անկարելին իրականացնելու, որպէսզի թէ՛ համայն աշխարհը եւ թէ մանաւանդ իր ահաւոր ոճիրի պատասխանատուութենէն խուսափող, զայն ուրացող թշնամին ստանան ճիշդ պատգամը:
Ճիգերը կեդրոնացնելու կարեւորութիւնը այս պատգամի յստակութեան ու հզօրութեան հիմնական նախապայմաններէն է: