
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը որոշած է իր տարեկան ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին համար ատենապետ նշանակել Արշօ Պէյլէրեանը։
Կիրակի, Նոյեմբեր 2ին, Պեվըրլի Հիլզ քաղաքի «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ կայանալիք ձեռնարկը առիթ մըն է քննելու Հայ Դատի վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը ու պատուելու Հայ Դատին ի նպաստ գործունէութիւն ծաւալած գործիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ ու քաղաքական անձնաւորութիւններ:
«Ինծի համար պատիւ մըն է աշխատիլ խումբ մը նուիրեալ կամաւորներու հետ, լուսարձակի տակ առնելու համար Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին իրագործումները», կը յայտնէ Արշօ Պէյլէրեան։
Ձեռնարկին ընթացքին լուսարձակի տակ առնելիք իրագործումներէն են «Հայ Վոթց» արշաւը, նահանգային մակարդակի վրայ շարք մը հայանպաստ բանաձեւերու վաւերացման ապահովումը, կրթական նախաձեռնութիւններ եւ «Շնորհակալութիւն Ամերիկա» արշաւը։
«Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը նաեւ առիթ մըն է շնորհակալութիւն յայտնելու մեր կամաւորներուն եւ համակիրներուն, որոնք ամերիկահայութեան կարծիքները տարածելու եւ արդարութեան նեցուկ կանգնելու նպատակով անխոնջ աշխատանք կը տանին։ Տեղական եւ նահանգային մակարդակի քաղաքական հարցերու կողքին, կը շարունակենք հետապնդել նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը, ինչպէս նաեւ աւելի բարգաւաճ ու ժողովրդավար Հայաստան մը եւ անկախ Արցախ մը ապահովելու աշխատանքները», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան։
Անցեալ տարուան ձեռնարկին մասնակցած էր աւելի քան հազար հոգի, իսկ անոր ընթացքին մեծարուած էին շարք մը անձնաւորութիւններ, ներառեալ՝ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի, Արցախի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, հռչակաւոր մարզիչ Ճերի Թարխանեան, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Խաչօ Աշաճեան եւ համայնքի գործչներէն՝ Մանաս Պուճիքեան եւ Արա Սիւտճեան։
«Հայ Դատի ընտանիքը ի մի բերող զօրաւոր կապը Հայկական Հարցին մեր նուիրումն է։ Ուրախ ենք, որ Արշօ Պէյլէրեանի նման փորձառու գործիչ մը ստանձնած է այս տարուան ձեռնարկի կազմակերպումը», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Փաթիլ Աբօշեան։
Արդէն իսկ կազմուած է կազմակերպիչ յանձնախումբը, որ աշխատանքի անցած է՝ անգամ մը եւս յաջող ձեռնարկ մը իրագործելու համար: Անոր անդամներէն են՝ Մարալ Ապունայեան, Անիթա Ալթունեան, Լոռի Փարթամեան, Սոնա Պոյամեան, Քարին Չորպաճեան, իրաւաբան Լինա Դաւիթեան, Այտա Տիմէճեան, Կարին Կարապետեան, Հէրի Կէօզեան, Թերեզա Ղեւոնդեան, Քարինա Քարկոտորեան, Սիլվա Քէշիշեան, Լուիզ Ճիլ Մարտիրոսեան, Ճենի Մէզեան, իրաւաբան Լիզա Սապուլեան-Տիքիճեան, Անի Սասունեան, Արմինէ Շերիքրեան եւ Թամարա Վարդանեան։
Կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան միջեւ կապերն են վարչութեան անդամներ Փաթիլ Աբօշեան եւ Սթիւ Արթինեան։