
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ատրպէյճանը վերջնականապէս յուսահատեցնելու, զայն Արցախի հարցով զիջման մղելու կարեւորագոյն ազդակներէն մէկը, անշուշտ, Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանունակութեան հզօրացումն է, բանակի ուժեղացո՛ւմը: Հայկական յաղթական բանակը այդ գծով իր դերը կը գերկատարէ եւ պիտի շարունակէ կատարել նոյն ոգիով, նոյն ուժգնութեամբ:
Արցախեան հարցի վերջնական լուծման ատրպէյճանական տարբերակը, սակայն, Արցախի եւ Հայաստանի անձնատուութիւնն է, զոր իրականացնելու համար, Ատրպէյճան եւ Թուրքիա ձեռք ձեռքի տուած կ՛աշխատին՝ խեղդելով Հայաստանի տնտեսութիւնը, շրջափակելով երկիրը:
Հայկական պատասխանը ազերիա-թրքական այս ռազմավարութեան պէտք է ըլլար տնտեսութեան հզօրացման յարատեւ ճիգերը՝ այդ ճիգերու արդիւնաւորման բոլոր գործօններու աշխուժացումով:
Այս գործօններու շարքին պէտք է ըլլար Հայաստանի տնտեսութեան մրցունակութեան բարձրացումը: Բայց ահա՛, տեսէք, որ ըստ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի «Մրցունակութեան համաշխարհային զեկոյց 2014-2015»ի տուեալներուն՝ Հայաստան վեց կէտով նահանջ արձանագրած է՝ 144 երկիրներու շարքին իջնելով 85րդ դիրքին, մինչ Ատրպէյճան երկու կէտով բարելաւած է իր դիրքը՝ 40էն հասնելով 38ի:
Քարիւղի ու բնական կազի պաշարներով չենք կրնար մրցիլ Ատրպէյճանի դէմ (թէեւ պէտք է ըսել, որ Հայաստանի կառավարութեան ղեկավար շրջանակներուն մէջ հաւանաբար կայ տրամադրութիւն՝ բնութեան ամբողջական աւերման գնով, հանքարդիւնաբերութեան ճամբով որոշ առաւելութիւններ ապահովելու): Սակայն, ինչպէս նոյն զեկոյցը ցոյց կու տայ, Հայաստան արդէն իսկ ներկայ դրութեամբ պատուաւոր դիրք կը գրաւէ բարձրորակ կրթութեան, արհեստագիտական պատրաստուածութեան, ենթակառոյցներու եւ կապի ոլորտներուն մէջ, որոնք շրջափակուածութեան պայմաններուն տակ տնտեսական զարգացման այլընտրանքային ճանապարհներ կրնան թելադրել երկրին:
Վերջին շրջանին ազգովին ոգեւորուեցանք, երբ հայկական բանակը իր բազուկի ուժը ցոյց տուաւ հայրենիքի սահմաններէն ներս թափանցել փորձող թշնամիին:
Հիմա, մրցունակութեան զեկոյցի հրապարակման լոյսին տակ, մենք պարտաւոր ենք ազգովին, վճռականօրէն պահանջելու Հայաստանի իշխանաւորներէն, որ վերջ տան տնտեսական զարգացման յետընթացը խրախուսող իրենց վարքագիծին, որ ի վերջոյ՝ պիտի հարուածէ նաեւ մեր բանակը եւ պիտի նպաստէ ազերիա-թրքական ռազմավարութեան յաջողութեան:
Պատասխանատուութիւնը ահաւոր է եւ պատասխան տալու ժամանակը՝ հիմա՛: