ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– «Ղազախստան որեւէ առարկութիւն չունի Եւրասիական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան առումով», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատած է Հայաստանի մէջ Ղազախստանի դեսպան Այիմտոս Պոզժիկիտովը՝ ընդգծելով, որ գործընթացը պարզապէս թեքնիք հանգրուանի մէջ է, որեւէ ձգձգում չկայ:
«Ղազախստանի մէջ շատ բարեհաճ կերպով կը մօտենան Եւրասիական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան: Ղազախստանի նախագահը ստորագրած է այդ անդամակցութեան ճամբու քարտէսը, այնպէս որ որեւէ հակասութիւն եւ հակազդեցութիւն չկայ: Թեքնիք գործընթացը ժամանակ կը պահանջէ: Նախ փաստաթուղթերու համաձայնեցման հանգրուանը կար, այժմ Հայաստանի անդամակցութեան համաձայնագիրը պէտք է քննարկեն միութեան հիմադիրներու կառավարութիւնները», դիտել տուած է դեսպանը:
Անդրադառնալով թղթակիցին այն դիտարկման, թէ այդ պարագային ինչո՞ւ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւը Աստանայի մէջ ընթերցեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի նամակը, որ կ՛առնչուէր Լեռնային Ղարաբաղին՝ յայտարարելով, թէ Աստանան պիտի ստորագրէ Հայաստանի անդամակցութեան ճամբու քարտէզը՝ անոր կցելով յատուկ կարծիք՝ Ղազախստանի դեսպանը շեշտած է, որ փաստաթուղթը ստորագրուած է առանց այդ կարծիքին։
«Գագաթաժողովը կայացած էր Աստանայի մէջ, եւ համակարգողը, բնականաբար, Ղազախստանի նախագահն էր, ատոր համար ալ ան ստացած է նամակը: Ես չեմ գիտեր՝ Սերժ Սարգսեանը գիտէ՞ր այդ նամակին մասին, թէ ոչ, բայց նամակներ կրնան ուղարկուիլ տարբեր պետութիւններու կողմէ, իսկ թէ ինչո՛ւ ինքնին Նազարբաեւ ընթերցեց զայն, որովհետեւ, ինչպէս ըսի, Աստանայի մէջ կայացող գագաթնաժողովի համակարգողը Ղազախստանի նախագահն էր», ըսած է դեսպանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.