
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արցախեան ազատամարտին վերաբերող, հայ-լիթվիական միացեալ արտադրութիւն հանդիսացող, «Ոսկէ ծիրան» 11րդ միջազգային փառատօնին «Հայկական համայնապատկեր. խաղարկային» մրցումին յաղթող նկատուած «Թեւանիկ» ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի շարք մը երկիրներու մէջ։
«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է ժապաւէնի բեմադրիչ æիւան Ավետիսեանը:
«Ֆիլմը Սեպտեմբերի 2ին կը ներկայացուի Բեյրութում, իսկ 3ին Նիկոսիայում: Բացի այդ, նախատեսում եմ այն ներկայացնել նաեւ Վանաձորում: Ցուցադրութիւնները կազմակերպւում են հայ համայնքների հրաւէրով: Ես ներկայ եմ լինելու ֆիլմի ցուցադրութիւններին: Շատ ոգեւորուած եմ եւ յոյսով, որ նրանք կը սիրեն իմ ֆիլմը», նշած է æիւան Աւետիսեան:
Շարժապատկերը նաեւ պիտի ցուցադրուի Երեւանի «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մէջ, 22 Սեպտեմբերէն սկսեալ, օրական երկու անգամ։