ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմ Օգոստոս 25ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի վերջին որոշումին ծիրին մէջ, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին գծով այլ պետութեանց, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ հետ գործակցելու եւ համակարգում կատարելու։ Ան շեշտեց, որ Սուրիան պէտք է Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջազգային դաշնակցութեան մէջ ընդգրկուի՝ «եթէ այդ ուղղութեամբ (պայքարողները) լուրջ են»։
Մուալլեմ նաեւ ըսաւ. «Թուրքիա պէտք է իր ժողովուրդին ու կառավարութեան սիրոյն փոխէ իր քաղաքականութիւնը, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը սահման չի ճանչնար»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.