
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Նախագահ Սերժ Սարգսեան, այցելելով «Միասին» ճամբար՝ առիթ ունեցաւ պատասխանելու ճամբարականներու հարցումներուն, որոնց առանցքը կը կազմէին հայ-թրքական յարաբերութիւնները։
Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, անոնց հեռանկարին, այդ հարցին մէջ պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշման մասին հարցումի մը առիթով, նախագահը նշեց, որ Հայաստան հրաւէր ստացած է Թուրքիոյ իշխանութիւններէն՝ մասնակցելու ընտրեալ նախագահի երդմնակալութեան արարողութեան, եւ հաւանաբար, մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով։
Ըստ Սարգսեանի՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը պիտի տեղեկանայ նաեւ, թէ արդեօք Թուրքիոյ նախագահը կը պատրաստուի՞ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին ժամանակ այցելելու Ծիծեռնակաբերդ եւ իր սեփական աչքերով տեսնելու դէպի անմար կրակ մարդկային հոծ գնացքը, որ տասնամեակներու ընթացքին միայն ու միայն կ՛աւելնայ։
Միւս կողմէ, հայկական «Ժամանակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեան դրական համարած է, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ Հայաստանէն ներկայացուցչութիւն պիտի մասնակցի Թուրքիոյ նախագահի երդման արարողութեան: Ան աւելցուցած է, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մօտ «զգալի է քաղաքական կամքը՝ առկայ փակուղին յաղթահարելու»։
Իր կարգին, «Մարմարա»ի գլխաւոր խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեան ըսած է, թէ գոհունակութեամբ իմացած է, որ Հայաստանը պատուիրակութիւն պիտի ուղարկէ մասնակցելու համար Թուրքիոյ նախագահի երդման արարողութեան՝ զայն «կառուցողական գործընթաց»ին մէկ մասնիկը եւ «ֆութպոլի քաղաքականութեան տրամաբանական շարունակութիւնը» որակելով:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք 2015ի Ապրիլին Էրտողան պիտի այցելէ՞ Հայաստան՝ «Մարմարա»ի խմբագիրը ըսած է, թէ ինք չի կարծեր, որ Էրտողան այդ քաջութիւնը պիտի ունենայ: «Մենք՝ Թուրքիոյ մէջ ապրողներս, գիտենք, որ հայ եւ թուրք յարաբերութիւններուն մէջ նմանօրինակ քայլեր որքա՛ն դժուար են, որովհետեւ եթէ կայ այդ քայլերը քաջալերող շրջանակներ, ապա կան ուրիշ շրջանակներ, որոնք բոլորովին դէմ են այդ քայլերուն»: