
Չորք-Մարզպանի հայրենակցական միութեան դաշտագնացութեան, Կիրակի, Յուլիս 27ին, ամառուան եղանակը չէր կրնար աւելի բարենպաստ ըլլալ, զեփիւռի հոսանք պարգեւելով գրեթէ ամբողջ օրուան ընթացքին։
Պարտիզագնացութեան անպաշտօն բացումը կատարուեցաւ առաւօտեան ժամը 9։30ին, իր բոլոր լրացուցիչ համեմներով ու կանաչեղէնի տեսակներով «ֆուլ»ի ճոխ նախաճաշով, որուն պատրաստութեան յոգնութիւնը ստանձնած էր Մակի Թոփալեան, ձեւով մը քաջալերելու համար այն վարչականները, որոնք կանուխէն եկած էին սեղաններու պատրաստութիւնը կատարելու, դաշտագնացներու ժամանումէն առաջ։
La Crescenta Valley Park-ի ընդարձակ մէկ պուրակին մէջ, միութեան կողմէ իրենց հայրենակիցներուն ուղարկուած գովազդներուն ընդառաջելով, կէսօրուան մօտ, շուրջ երկու հարիւրի հասնող դաշտագնացները բոլորուած էին սեղաններու շուրջ, ուր կը տիրէր աշխոյժ խօսակցութիւն։ Բազմանդամ ընտանիքներ գրաւած էին այլազան անկիւններ, ուր կարօտի փոխադարձ արտայայտութիւնները, կատակախառն զրոյցները ու մանաւանդ թոռներուն կենսուրախ ճռուողիւնը կը լեցնէին մթնոլորտը։ Քիչ անդին, տեղ-տեղ, աւելի փոքր խումբեր, բաղկացած իրարու ծանօթ բարեկամներէ, նոյնպէս զբաղած էին հին ու նոր պատմութիւններով, եւ երբեմն ալ՝ թղթախաղով կամ նարտիի խաղով։
Միւթեան ատենապետ Սարգիս Մինասեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, ատենադպիր Սարգիս Մաճառեան, իր կողմէ եւս ողջունելով ներկաները, կը յիշատակէր անունները հոն գտնուող երկսեռ ծանօթ ազգայիններու եւ միութենականներու եւ ապա կը փոխանցէր օրուան յայտագիրը։
Յետմիջօրէի ժամը 1ին, խորովածի ախորժաբեր ծուխը արդէն պատած էր շրջապատը։ Ռաֆֆի Catering, ինչպէս միշտ, այդ օրը եւս կը մատուցանէր համադամ քեպապը՝ լրացուցիչ ուտելիքներով։
Ամէն հասակի փոքրիկներ մխրճուած էին jumper-ին մէջ, քիչ վերջ անկէ դուրս ելլելու համար քրտնաթոր ու կարմրած այտերով։ Ապա, անոնցմէ աւելի մեծ խումբ մը, բարձր ճիչեր արձակելով, բիրով մը կը հարուածէին ծառէն կախուած «փինիատա»ն, որ վերջապէս տեղի կու տար, պարպելով պահեստի գունաւոր շաքարները՝ յափշտակուելու համար։
DJ Մանուէլը, հայկական, եւրոպական եւ արաբական եղանակներու ճոխ երգապնակով, կը խանդավառէր մթնոլորտը, երբեմն շուրջպարի մղելով ներկաները։ Սեղաններու շուրջ կերուխումէն ետք, Արշալոյս Շաքլեանի կողմէ մատուցուած հայկական սուրճը, իր բոյրով եւ համեղութեամբ, յոյժ գոհունակութիւն կը պատճառէր։
Օրուան յայտագիրին անմասն մէկ լրացուցիչը, բնականաբար, վիճակահանութիւնն էր, ամէն տարի բծախնդրօրէն պատրաստուած Լենա Գալայճեանի կողմէ։ Աւելի քան տասնեակ մը անձեր կը բախտաւորուէին պատշաճ նուէրներով։
Դաշտագնացութեան այս յաջող ձեռնարկը իր ընդհանրութեան մէջ յոյժ գնահատուեցաւ բոլոր ներկաներուն կողմէ։ Ինչպէս միշտ, հայրենակցական միութեան գործունէութիւնը գնահատելով, Արտաւազդ եւ Արուս Գալայճեաններ 2000 տոլար նուիրեցին։ Անդրանիկ ու Լենա Գալայճեանները, իրենց կարգին, 700 տոլար նուիրեցին։
Շնորհակալութիւն մնայուն նուիրատուներուն ու վարձքը կատար վարչութեան անդամներուն եւ անոնց օգնականներուն, որոնք չխնայեցին իրենց կարելին ձեռնարկին յաջողութեան համար։
Թղթակից