ՔԱՄԸՐՍ, Քալիֆորնիա.- Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի շրջանաւարտից միութեան՝ «Քլապ Մեսրոպեան»ին, ու «Քամըրս Քազինօ»ին կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 4ին, երեկոյեան ժամը 5:30էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Ռալֆ Մոսիկեանի անուան տարեկան հինգերորդ «փոքըր»ի մրցաշարք եւ ընթրիքը, նշեալ քազինոյի սրահին մէջ:
Տարիներով «Մեսրոպեան»ին նեցուկ կանգնած Ռալֆ Մոսիկեանի յիշատակին կազմակերպուող սոյն ձեռնարկին կրնան մասնակցիլ ոչ միայն «փոքըր» խաղացողները, այլեւ վարժարանին նեցուկ կանգնիլ փափաքողները, որոնք առիթը պիտի ունենան ընկերային հաճելի պահեր անցընելու եւ հանդիպելու «Մեսրոպեան»ի նախկին աշակերտներու, շրջանաւարտներու եւ համակիրներու հետ:
«Փոքըր»ի մրցաշարքին ընդհանուր մրցանակ որոշուած է 10,000 տոլար գումար մը, իսկ առաջնութիւնը խլողին համար երաշխաւորուած է առնուազն 5000 տոլար:
Մրցաշարքի մասնակցութեան սակը 125 տոլար է, ներառեալ՝ ընթրիք, իսկ անոնք, որոնք միայն ընթրիքին կը փափաքին մասնակցիլ, սակը 30 տոլար է:
Ձեռնարկին ընթացքին նաեւ «փոքըր» խաղալ սորվեցնողներ պիտի ըլլան: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ լուռ աճուրդ՝ յաւելեալ օժանդակութիւն ապահովելու համար Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանին:
Մրցաշարքի արձանագրութիւնները պիտի սկսին կ.ե. ժամը 4ին:
Տեղեր ապահովելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (562) 228-9266 կամ (323) 377-8006 թիւերուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.