
ՎԵՆ ՆԱՅՍ.- Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ տիկնանց օժանդակ մարմինին տարեկան 59րդ նորաձեւութեան ցուցադրութիւն-ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 1ին, Ուեսթլէյք Վիլեճի «Ֆոր Սիզընզ» պանդոկի սրահին մէջ, առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ։
Այս տարուան ձեռնարկը մկրտուած է «Նորաձեւութեան արքայութիւն» անունով։
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 886-8950 թիւին։