Թաւրիզի Քաղաքապետարանի Բարձրաստիճան Պատասխանատուներու Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան
Թաւրիզի քաղաքապետարանէն սրբազան հօր հրաւէրով յատկապէս եկած էին 3րդ քաղաքամասի պատասխանատու Աքպարի, ապահովական բաժինի պետ Ֆէյզի եւ քաղաքաշինութեան բաժինի պետ Ապպասի, միասնաբար քննարկելու Ազային առաջնորդարանի կողմէ կատարուելիք շինարարական շարք մը ծրագիրներու վերջնական փուլը, անոնց լրացուցիչ պայմաններուն, հարկային հաշիւներուն, հրիտակուած կալուածի պայմաններուն հետ առնչուող խնդիրներուն եւ այլ մանրամասնութիւններու յստակացման ի խնդիր:
«Ամբողջ Ատրպատականի եւ յատկապէս Թաւրիզ քաղաքին մէջ, իր շինարար ներկայութեամբ ծանօթ է հայ ժողովուրդը: Նոյն շինարար ոգիի դրսեւորումն է այն ծրագիրը, զոր այսօր ձեզի կը ներկայացուի մեր կողմէ: Այս քաղաքի բարեզարդման եւ ժողովուրդի կեանքին բարօրութեան առումով գնահատելի մեր նախաձեռնութեան յաջողութեան համար կարիքը ունինք ձեր աջակցութեան: Գործերու կարգաւոր ու հեզասահ ընթացքին մէջ մեծ է դերը Թաւրիզի քաղաքապետութեան», ողջունելով հիւրերը, ըսաւառաջնորդ սրբազանը՝ աւելցնելով, թէ նման աշխատանքներու ձգձգումը կը թուլցնէ ուժերը եւ կը տկարացնէ ընդհանրապէս կառուցողական աշխատանքը:
3րդ քաղաքամասի պետ Աքպարի պատասխանելով սրբազան հօր ողջոյնի խօսքին, յատկապէս անդրադարձաւ Ատրպատականի Հայոց թեմի աշխոյժ գործունէութեան եւ ընդհանրապէս Իրանահայ համայնքի շինարար ոգիին: Ապա, Ազգային վարչութեան ատենապետ Ռուբիկ Ճանանեանի եւ անդամներուն՝ տոքթ. Աշոտ Խզրիեանի, Անի Յակոբեանի, Վարդան Աբրահամեանի եւ Գագիկ Ճորճեանի կողմէ մանրամասնօրէն ներկայացուեցան շինարարական ծրագիրները, որոնք երկար տարիներու ուսումնասիրութեան արդիւնք էին:
Աշխատանքային սոյն հանդիպումը եզրակացնելով, կողմերը ժամկէտ ճշդեցին, քաղաքապետարանի կողմէ պահանջուած օրինական բոլոր գրանցումները եւ կանոնական չափագրումները ամբողջացնելու համար, որու աւարտին շինարարական աշխատանքները կը սկսին, Իմամիէի շրջանին մէջ թեմին սեփականութիւնը եղող հողատարածքին վրայ վաճառաշահ կեդրոնի կառուցման ծրագիրը իրականացնելու հեռանկարով: