
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ուրբաթ եւ Շաբաթ, Օգոստոս 22-23ին, «Սթուտիօ-Սթէյճ» թատերասրահին մէջ (520 N. Western Ave., Los Angeles, CA 90004), տեղի պիտի ունենայ դրամահաւաքի ձեռնարկ մը՝ անգլերէնի թարգմանուած հայկական թատերգութեանց հրատարակութեան շարքի առաջին հատորի հրատարակման ի նպաստ։
Այս իւրայատուկ ձեռնարկին ընթացքին տեղի պիտի ունենայ Յակոբ Պարոնեանի «Պաղտասար Ախբար» եւ Վահէ Պէրպէրեանի «Վարդագոյն Փիղը» ստեղծագործութիւններէն հատուածներու ընթերցումներ, ինչպէս նաեւ՝ Արամազդ Ստեփանեանի եւ Սաղաթէլ Յարութիւնեանի «If Your Eyes Are Clear…» գործի տեսաերիզէն հատուածներ։
Դադարէն եւ ճաշերու մատուցումէն ետք, ամբողջութեամբ պիտի ներկայացուին Կարին Խոտիկեանի մէկ արարնոց «Don՛t Shoot, I Am Already Dead» թատերգութիւնը եւ նոյն հեղինակի գործերէն երկու այլ հատուածներ։ Ուրբաթ օրուան ձեռնարկը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 8ին, իսկ Շաբաթ օրուանը՝ ժամը 7ին։
Նաեւ, Ուրբաթ օրուան ձեռնարկի մասնակցութեան սակը 20 տոլար է, իսկ Շաբաթ օրուանը՝ 30 տոլար, նկատի ունենալով, որ աւելի ճոխ ճաշատեսակներ պիտի հրամցուին այդ օրը։
Տեղեր ապահովելու համար, այցելել itsmyseat.com/CAPS կայքէջը։