
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2014ին Կլենտէյլի «Ֆինիսիա» ճաշարանին մէջ, մեծաշուք հանդիսութեամբ պիտի նշուի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ՝ Լա Քրեսենթա, Լա Քանիատա, Թահանկա եւ Սանլենտ քաղաքներուն մէջ ապրող շուրջ 20 հազարէ աւելի հայութեան հոգեւոր սնունդ հայթայթող Լա Քրեսենթա հովիտի ծուխի հիմնադրութեան 10ամեակը:
Յաղթական տասնամեակը կ՛ըսենք, որովհետեւ այս ծուխը իր հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ, Աստուծոյ կամքով ու օրհնութեամբ, առաջնորդ Յովնան սրբազանի ղեկավարութեամբ, ձիւնագնդակի նման թաւալելով մեծցաւ, աճեցաւ ու այս չորս քաղաքներու հայութեան համար հոգեւոր ջերմ տուն մը եղաւ՝ իր բազմերես ծառայութիւններով եւ գեղակերտ եկեղեցիով, սրահով եւ յարակից բաժիններով, որոնք կը գտնուին Թահանկա քաղաքի Մոնթէյր փողոցին վրայ:
Այդ օրուան մեծաշուք հանդիսութիւնը իր ներկայութեամբ պիտի հովանաւորէ թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, իսկ նախագահութիւնը ստանձնած են Կլենտէյլի ծանօթ երիտասարդներէն տէր եւ տոքթ. Վարդան եւ Արմինէ Կարապետեանները: Տոքթ. Արմինէ Կարապետեան, ատամնաբոյժի իր ասպարէզին կողքին, Կլենտէյլ քաղաքի Կրթական խորհուրդի ընտրեալ անդամ է, իսկ Վարդան Կարապետեան հանրածանօթ հասարակական գործիչ մըն է Կլենտէյլի մէջ: Ան Real Estate-ի առուծախի առընթեր, քաղաքապետարանին, գաղութին եւ Կլենտէյլի զանազան մարմիններուն մէջ աշխատելով՝ իր կամաւոր եւ արդիւնաշատ նպաստը կը բերէ մեր գաղութին եւ ժողովուրդին:
Յոբելենական այս ձեռնարկը կազմակերպուած է յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ, գլխաւորութեամբ՝ Աւետիս քհնյ. Աբովեանի եւ ատենապետութեամբ Լենա Սիմոնեանի: Տասնամեակի անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցող այս ձեռնարկի նշանաբանն է՝ Պօղոս առաքեալի խօսքերէն՝ «Ապրիլ հաւատքով, աղօթել յոյսով, ծառայել սիրով»: Ընթացքին տեղի պիտի ունենայ մոմավառութիւն: Նաեւ, Յովնան արք. Տէրտէրեան պիտի պարգեւատրէ կարգ մը ազգայիններ՝ «Հայու Հոգի» շքանշանով: Այս առիթով նաեւ պիտի պատրաստուի յատուկ գրքոյկ մը:
Օրուան հանդիսավարն է Ա-րեւմտեան թեմի «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբի եռանդուն ատենապետ, Ընդհանուր անդամական ժողովի ատենապետ տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան:
Մուտքի նուէրն է 80 տոլար՝ ընթրիքն ու թեթեւ խմիչքը ներառեալ:
Տոմսերու համար հեռաձայնել յանձնախումբի ատենապետուհի Լենա Սիմոնեանին՝ (818) 383-1322 թիւով:
Հրաւիրուած է մեր ժողովուրդը միասնաբար փառք տալու Աստուծոյ՝ Իր բոլոր բարիքներուն եւ օրհնութիւններուն համար, ու ցնծութեամբ նշելու մեր ծուխի հիմնադրութեան նշանակալից այս տարեդարձը։