
Մաշտոց քոլեճի կողմէ կազմակերպուած ուխտագնացութիւնը դէպի Արեւմտեան Հայաստան, Կիլիկիա եւ Կապադովկիա առիթն ընծայեց Միացեալ Նահանգներէն ու Քանատայէն 26 ազգայիններու աւելի մօտէն ծանօթանալու մեր պատմութեան՝ ապրելով յուզումնախառն պահեր ու նաեւ ազգային պարծանքի ու երախտագիտական զգացումներու առհաւութիւններ: Ուխտագնացներէն ոմանք իրենց պապենական տուներու նկարները ափի մէջ առած՝ կը քալէին փողոցներէն, փնտռելով իրենց արմատներուն ծնունդ տուող կառոյցները: Աննկարագրելի ու անսպասելի տարիներու երազի իրականացումը ցնցիչ ազդեցութիւն կ՛ունենար անոնց վրայ, երբ իրենց տուներէն ներս մտնելով՝ արցունքը իրենց աչքերուն, սենեակէ-սենեակ կ՛առաջնորդուէին ներկայ բնակիչներուն կողմէ, որոնք թէյով կը հիւրասիրէին իսկական տէրերը այդ կառոյցներուն…
Առաջնորդութեամբ Մաշտոց քոլէճի նախագահ տոքթ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի, ուխտագնացները այցելեցին Պոլոյ Հայոց պատրիարքարանը եւ Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցին, հանդիպեցան «Ակօս» թերթի խմբագրատուն, խոնարհեցան Հրանդ Տինքի սպաննուած վայրը տեղադրուած յուշատախտակին առջեւ եւ շարականներ երգեցին, ապա այցելեցին Ատանա, Չորք Մարզպան, Այնթապ, Պերեճիք, Ուրֆա, Տիգրանակերտ, Պիթլիս, Վան-Աղթամար, Արարատ լեռ, Պայազիտ, Իկտիր, Կարս, Անի, Կարին-Էրզրում, Մուշ, Խարբերդ, Զարա, Սեբաստիա, Կեսարիա եւ Կապադովկիոյ զանազան շրջանները:
Իւրաքանչիւր քաղաքի մուտքին տոքթ. Տէր Եղիայեան մանրամասն տեղեկութիւններ կը փոխանցէր ուխտագնացներուն շրջանի պատմութեան եւ անոր ունեցած ազգային դերի մասին:
Ուխտագնացները հայաթափուած քաղաքներու եւ գիւղերու «ներկայ բնակիչներուն» հետ շահեկան զրոյցներ ունեցան: Ընդունելով Հայոց Ցեղասպանութեան անժխտելի իրականութիւնը՝ անոնք կը ձաղկէին իրենց կառավարութեան որդեգրած ուրացումի քաղաքականութիւնը: Իսկ թուրք պատմաբաններու հետ ուխտագնացներու ունեցած օգտաշատ հանդիպումները կը վերահաստատէին այն յստակ համոզումը, որ Ցեղասպանութիւնը որպէս պատմական ճշմարտութիւն ճանաչումէն անդին հատուցումի հանգրուանին պէտք է հասնի:
Ուխտագնացները գործող, ինչպէս նաեւ մզկիթի վերածուած ու կիսաքանդ եկեղեցիներու մէջ աղօթելով ու շարականներ երգելով՝ յարգեցին յիշատակը մէկ ու կէս միլիոն հայ նահատակներուն, ինչպէս Ատանայի Ս. Յակոբ (ներկայիս Եաղ Ճամի), Չորք-Մարզպանի Ս. Աստուածածին, Այնթապի Ս. Աստուածածին (ներկայիս Քուրթուլուշ Ճամի), Ուրֆայի Ս. Աստուածածին (ներկայիս Սալլահէտտին Էյուպի Ճամի) եւ հայ Աւետարանական (ներկայիս Ֆըրֆըրլը Ճամի), Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս, Վանի Ս. Խաչ Աղթամար կղզիին վրայ, Անիի եկեղեցիներուն, որոնցմէ մէկը վերանորոգուած է, եւ երկու եկեղեցի եւս վերանորոգումի մէջ են, Կարսի Ս. Առաքելոց (ներկայիս Գմբէթ Ճամի), Էրզրումի Ս. Մինաս, Մուշի Ս. Աստուածածին, Խարբերդի Ս. Աստուածածին, Ս. Կարապետ եկեղեցիները եւ գործող ասորի եկեղեցի մը:
Ուխտագնացները վերադարձան յատուկ խանդավառութեամբ՝ վերանորոգելով իրենց ազգային ուխտը՝ սատար կանգնելու հայակերտումի ջանքերուն եւ Հայ Դատի արդար լուծման աշխատանքներուն:
Յառաջիկայ տարուան համար Մաշտոց քոլեճը կազմակերպած է երկու ուխտագնացութիւն՝ առաջինը Ապրիլ 21-Մայիս 3, իսկ երկրորդը Յուլիս 4-19: Հետաքրքրուողները կրնան դիմել Մաշտոց քոլեճ՝ հեռաձայնելով (818) 548-9345 թիւին, յաւելեալ տեղեկութեան համար: