
23 Յուլիսին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական հաստատութեան շրջանաւարտները ընտրեցին իրենց հետագայ ծառայութեան վայրերը: Անոնցմէ շատեր կամաւորաբար ընտրած են մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զօրամասերուն մէջ ծառայութիւնը:
«Ռազմինֆօ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատութեան անձնակազմին հետ տարուող աշխատանքներու բաժանմունքի պետ, սպայ Մուրադեան նշեց, որ ապագայ սպաներուն մեծ մասը փափաքած է ծառայել Հայաստանի զինուած ուժերու (ներառեալ պաշտպանութեան բանակ) մարտական հերթապահութիւն կատարող զօրամասերուն մէջ: