ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն 23 Յուլիսի յայտարարութիւնը դրական որոշ փոփոխութիւններ կը կրէր: «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նման տեսակէտ արտայայտած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեանը:
«Այն դասական յայտարարութիւններից էր, բայց՝ որոշ դրական փոփոխութիւններով, քանի որ նշւում է զինադադարի խախտման արդիւնքում քաղաքացիական անձանց սպանութիւնների մասին եւ կոչ է արւում զերծ մնալ միտումնաւոր թիրախաւորուած յարձակումներից գիւղերի եւ խաղաղ բնակչութեան վրայ», ըսած է Բաբայեան: ան անհրաժեշտ նկատած է այն, որ յայտարարութիւնները աւելի առարկայական ըլլային եւ յստակօրէն դատապարտէին զինադադարը խախտող կողմը՝ Ատրպէյճանը:
«Եթէ զինադադարը խախտել է Ադրբեջանը, դիւերսիոն խումբ ուղարկելով Քարվաճառ, ապա յայտարարութիւնում պէտք է դատապարտուէր այդ կողմը կամ էլ կոնկրէտ նշուէր պարտականութիւնը՝ զերծ մնալու նման քայլերից: Համարենք, որ առաջին քայլն արուած է, եւ հետագայ յայտարարութիւններն աւելի առարկայական կը լինեն», դիտել տուած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.