ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները Չորեքշաբթի, 23 Յուլիսին հանդէս եկան յայտարարութեամբ մը՝ խոր մտահոգութիւն յայտնելով հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ լարուածութեան եւ բռնութիւններու աճին, ինչպէս նաեւ անզէն քաղաքացիներու նպատակաուղղուած սպանութիւններուն կապակցութեամբ:
«Համանախագահները կողմերուն կոչ ըրած են կատարելու մարդկային զոհերէ խուսափելու իրենց պարտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ անընդունելի որակած են գիւղերու եւ քաղաքացիներու նպատակաուղղուած թիրախաւորումը: Անոնք կոչ ըրած են արտաքին գործոց նախարարներուն մեղմացնելու լարուածութիւնը եւ հաւատարիմ մնալու հրադադարի պայմաններուն», կ՛ըսուի ԵԱՀԿ մամուլի ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Ճէյմզ Ուորլիք (ԱՄՆ) եւ Փիեռ Անտրէ (Ֆրանսա), Յուլիս 22ին Պրիւքսէլի մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցած էին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ:
Համանախագահներուն հրապարակած յայտարարութեան մէջ նաեւ կ՛ըսուի, թէ այս հանդիպումներուն ընթացքին համանախագահները եւ արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են նախագահներու մակարդակով հանդիպումի մը հնարաւոր օրակարգը՝ ընդգծելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպումներու կայացման կարեւորութիւնը՝ խաղաղ բանակցութիւնները յառաջ տանելու գործի ծիրին մէջ:
«Համանախագահները կը շարունակեն կողմերուն հետ դիտարկել անվտանգութեան նկատմամբ վստահութեան ամրապնդման միջոցները եւ հասարակ քաղաքացիներուն միջեւ հանդիպումներու ծրագիրները: Անոնք կը հաւատան, թէ նման ծրագիրներ կ՛ամրապնդեն տեւական խաղաղութեան հաստատման համար անհրաժեշտ վստահութիւնը ու հաւատքը», յայտարարած են համանախագահները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.