
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ինչպէս ծանօթ է, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2013 տարին նուիրած էր Հայ Մօր: Այս առիթով, Ազգային առաջնորդարանի ձեռնարկած հրատարակութիւններէն նորագոյնը լոյս տեսաւ վերջերս եւ կը կրէ «Ձօն Հայ Մայրերուն» խորագիրը:
104 մեծադիր էջերով այս հատորը գեղարուեստական գրութիւններու հաւաքածոյ մըն է՝ մէկտեղուած բազմավաստակ դաստիարակ Սարգիս Փանոսեանի կողմէ: Ան հաւաքած է հայ մօր նուիրուած բանաստեղծութիւններ եւ արձակ էջեր, որոնք մաս կը կազմեն մեր նորագոյն շրջանի գրականութեան գանձարանին եւ որոնցմէ մաս մը երգի վերածուած է: Գրական պատառիկներուն կողքին, Ս. Փանոսեան կենսագրական սեղմ տեղեկութիւններ արձանագրած է ծանօթ ու երբեմն ալ շուքի մէջ մնացած հեղինակներու մասին, որոնց լուսանկարները կ՛ընկերանան կենսագրութիւններուն:
Հատորը կը բացուի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի խօսքով: Գնահատելէ ետք Ս. Փանոսեանի դաստիարակի վաստակն ու այս հատորի նիւթերուն մէկտեղումը՝ առաջնորդ սրբազանը կ՛աւելցնէ. «Ամէնէն հաստափոր հաւաքածոն անգամ պիտի չկարենար սպառիչ կերպով ներփակել այն ծաւալուն գրականութիւնը, որ նուիրուած է հայ մօր. մեր սրբազան հայրերն ու շնորհալի գրողները ո՛չ միայն ներբողած են իրենց սեփական մայրերը, այլ զանոնք նկատած են մարմնաւորումը մեր հաւատքին, հայրենիքին ու ազգին, առաջին ու հիմնական դաստիարակը մեր մանուկներուն՝ անոնց մէջ սերմանելով մեր քրիստոնէական հաւատքը, հայրենիքին հանդէպ սէրն ու զոհաբերութեան կամքը»։
Ս. Փանոսեանի «Փոխան յառաջաբանի» խորագրեալ սրտի խօսքին հետ տեղադրուած է իր մօր լուսանկարը:
Հատորը լոյս տեսած է ի յիշատակ Ալիս Աւագեանի, Ռոզա Պեքերեանի եւ Զուարթ Մովսէսեանի: