
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Բաց երաժշտութեան ընկերակցութան կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Սեպտեմբեր 21ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «Քոլպըրն» երաժշտանոցի «Զիփըր» սրահին մէջ (200 S. Grand Ave. Los Angeles, CA, 90012) տեղի պիտի ունենայ վաղամեռիկ խմբավար Արամ Ղարաբեկեանի կեանքին, գործունէութեան եւ տեսլականին նուիրուած համերգ մը։
Տոմսերու սակը 45էն 95 տոլարի միջեւ է։ Տեղեր ապահովելու համար, այցելել www.armeniancalendar.com/events/2014/September/8074.html կայքէջը։