ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Կառավարութիւնը 17 Յուլիսի նիստին համապատասխան որոշման մէջ փոփոխութիւն կատարելով՝ պիտի հաստատի 2014 թուականին նախապէս ծրագրուած ջրառի քանակը աւելցնելու մասին որոշման նախագիծը: Այդ որոշման համաձայն՝ 170 միլիոն խորանարդ մեթր ջրառի փոխարէն կառավարութիւնը պիտի արտօնէ Սեւանէն իրականացնել 245 միլիոն խմ. ջրառ: Այս որոշումով, ըստ կառավարութեան ներկայացուած նախագիծին՝ պիտի գործադրուի 2014 թուականի Սեւանայ լիճէն ջուրի բացթողումներու տարեկան առաւելագոյն չափաքանակի փոփոխութեան վերաբերեալ ժամանակաւոր ծրագիրի 5րդ կէտի առաջին պարբերութեան, ինչպէս նաեւ Սեւան-Հրազդան ելեկտրականութեան, ինքնահոս եւ Սեւանայ լիճէն ոռոգուող տարածքներու համար ջուրի մատակարարում։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.