
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Սեպտեմբեր 28ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Կլենտէյլի «Beyond the Stars Palace» թատերասրահին մէջ (417 N.Brand Blvd. Glendale, CA, 91203) տեղի պիտի ունենայ հայկական ժողովրդային երգերու նուիրուած իւրայատուկ համերգ մը՝ մասնակցութեամբ Armenian Public Radio եւ «Զուլալ» երաժշտական խումբերուն։ Տոմսերու սակը 35էն 60 տոլարի միջեւ է։ Տեղեր ապահովելու համար, այցելել www.itsmyseat.com/Take3 կայքէջը, իսկ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (925) 852-6717 թիւին կամ aprandzulal@yahoo.com հասցէին։