
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Սերգէյ Սարգիսով հանդիպում մը ունեցած է Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Մայք Կաթոյի հետ եւ խորհրդակցած փոխադարձ հետաքրքութիւն ներկայացնող նիւթերու շուրջ։
Հիւպատոս Սարգիսով շնորհակալութիւն յայտնած է Կաթոյին, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին մէջ Արցախի անկախութեան ճանաչման բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու աշխատանքին մէջ իր ունեցած ներդրումին համար։
Իր կարգին, Մայք Կաթօ մատնանշած է, որ բանաձեւին վաւերացումը կարելի դարձած է համատեղ ջանքերու շնորհիւ։
Հիւպատոսն ու խորհրդարանի անդամը նաեւ ընգծած են հայութիւնը յուզող հարցերը առաջ մղելու ջանքերուն մէջ ամերիկահայութեան ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը։