ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Կիրակի, Յուլիս 6ին, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, տեղի ունեցաւ Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ամսական հերթական դասախօսութիւնը՝ նուիրուած հայոց մայրաքաղաքներէն Անիին, հայ ճարտապետներու սլացիկ միտքի եւ հանճարի արգասիքը եղող ճարտարապետական կոթողներուն եւ հզօր կառոյցներու աւերակներուն:
Դասախօսն էր Մորիս-Միսաք Քէլէշեան:
Տոքթ. Զարմինէ Նագգաշեան, յանուն դաստիարակչական յանձնախումբին, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Միսաք Քէլէշեանի կեանքն ու գործունէութիւնը՝ դրուատելով անոր արժէքաւոր հետազօտութիւնները՝ անյայտ մնացած պատմութիւններու եւ թաքուն մարդասիրական ծառայութիւններու բացայայտման մարզերէն ներս:
Մեսրոպ Թաշճեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Յովիկ Ոսկանեանի, յուզեց ներկաները՝ երգելով «Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ»ը, որ հանդիսացաւ պատշաճ նախերգանք մը օրուան դասախօսութեան՝ ներկաները առաջնորդելով դէպի քաղաքամայր Անի…
Դասախօսութեան սկիզբը, դասախօսը նշեց, որ թէեւ Անին շատ սիրելի է հայ ժողովուրդի զաւակներուն համար, սակայն դժբախտաբար անոնցմէ շատերը քիչ բան գիտեն այս ճոխ թանգարանին մասին, որ վկան է հայոց փառաւոր ու հազարամեայ անցեալին: 1904էն մինչեւ 1917, Անիի աւերակները ենթարկուած են օրինաւոր հետազօտութիւններու: Հայազգի մեծ ճարտարապետ Թորոս Թորամանեան ամբողջ 10 տարիներ ուսումնասիրած եւ չափագրած է հազար եւ մէկ եկեղեցիներու քաղաքը՝ Անին: Քէլէշեան նշեց, որ Անին իր անառիկ պարիսպներով, ամրաշէն գեղաքանդակ արքայական պալատներով, իր հոյակապ եկեղեցիներով եւ կոթողային կառոյցներով նախանձը կը գրգռէր Հայաստանի դրացի երկիրներուն:
Ան կանգ առաւ Անիի միջնաբերդի Աշոտեան եւ Սմբատեան զոյգ պարիսպներուն վրայ: Տուֆ քարերէ կառուցուած Սմբատեան պարիսպները ունեցած են 21 ոտք բարձրութիւն իսկ աշտարակները՝ 40 ոտք բարձրութիւն՝ 40 դռներով: Պարիսպներուն վրայ եղած են հայ հանճարի ձեռակերտները, Բագրատունեաց զինանշանը՝ յովազը, գլխուն վրայ խաչ: Վայրի ցեղեր աւերած են խաչն ու գեղեցիկ քանդակները՝ ցոյց տալով իրենց քանդելու ընդունակ ձեռակերտը:
Ապա, դասախօսը կանգ առաւ Անիի ջրամատակարարման համակարգին վրայ, որ իրականացած է կաւէ խողովակներու միացումով. ան նկարագրեց Անիի փողոցները եւ ապա խօսեցաւ անոր Մայր տաճար Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բացառիկ ճարտարապետութեան մասին, որուն գլխաւոր ճարտարապետը եղած է Տրդատը, որ նաեւ նորոգած է հանրայայտ «Այա Սոֆիա»ի գմբէթը: Եկեղեցին ունեցած է 105 ոտք երկայնք եւ 66 ոտք լայնք, կերտուած սրբատաշ քարերով, որոնց վրայ մինչեւ այժմ նշմարելի է Բագրատունիներու զինանշանը: Դժբախտաբար, եկեղեցւոյ կաթողիկէ գմբէթը ինկած է՝ Ս. Աստուածածին տաճարը դարձնելով «գլխատուած թագուհի» մը:
Զբօսաշրջիկներու գրութիւններէն հետաքրքրական էին հետեւեալները: «Եկայ, տեսայ, ողբացի», «Աստուած իմ, ինչո՞ւ թողեցիր, որ անօրէնները պղծեն այս հոյակերտ տաճարը»:
1064ի Օգոստոս 16ին, Ալփ Ասլանի յարձակումներուն ընթացքին, բիւզանդացիք, որոնք պահապան էին Անիին, կը փախչին դէպի քաղաքի միջնաբերդը՝ միայնակ թողելով ժողովուրդը, եւ փախչելու նպատակով կը բանան Անիի դռները: Ալփ Ասլան, որ Անին գրաւելեւ յոյս չունէր ալ, ետ կը դառնայ ու կը մտնէ քաղաք՝ ոչնչացնելով ամէն ինչ: Ան Մայր տաճարի 12 մեթրանոց խաչը վար առնելով՝ այնտեղ կը զետեղէ ոսկիէ մեծ մահիկ մը, Ս. Աստուածածին եկեղեցին վերածելով «Ֆաթհիէ» մզկիթին:
Քէլէշեան յայտնեց նաեւ, որ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ վերջերս կատարուած Ս. պատարագին զուգահեռ, նոյն ժամուն թուրք ազգայնամոլներ, իրենց ղեկավարներուն առաջնորդութեամբ, «նամազ» կատարած են Անիի մէջ:
Այնուհետեւ, դասախօսը կանգ առաւ Անիի տարբեր եկեղեցիներու ճարտարապետական իւրայատկութիւններուն վրայ։ Եկեղեցիներէն ոմանք եղած են ժայռափոր, շատերը ունեցած են հիւրանոցներ, որոնք իրարու հետ կապուած են ստորգետնեայ ճանապարհներով՝ Անին դարձնելով երկյարկանի եւ որոշ տեղեր երեք յարկանի քաղաք մը:
Հսկայական քարայրները, որոնք դարձեալ զարդարուած էին գեղեցիկ որմնանկարներով, ծառայած են նաեւ որպէս սառնարան: Ամառը, երբ դուրսի ջերմաստիճանը եղած է 32 (սելսիըս) աստիճան, քարայրներու խորքի ջերմութիւնը եղած է մինչեւ -8 աստիճան:
Հուսկ, դասախօսը նկարագրեց Վեստ Սարգիսի կառուցած եկեղեցին՝ Ս. Սարգիսը, զոր հայրենիքի դաւաճանը կառուցած էր հաւանաբար իր մեղքերուն թողութիւն խնդրելու համար: 150 տարի արքայանիստ քաղաք Անին երբեք պատերազմով չէ ինկած, այլ միայն՝ դաւաճանութեամբ:
Դասախօսութեան աւարտին, ներկաները ունկնդրեցին ձայնասկաւառակ մը՝ «Իմ Անի»ն՝ Հ. Խումարեանի կատարումով, ուր կ՛երգուի.
«Թէ քեզ մտքիցս հանեմ, բայց իմ սրտից չեմ հանի:
Կեանքս մատաղ քեզ կ՛անեմ, միայն շնչես դու Անի»։
Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած՝ պատմական արժէք ներկայացնող այս դասախօսական ձեռնարկը, որուն հովանաւորն էր Յարութ Պրոնոզեան, վերջ գտաւ եկեղեցւոյ հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանի «Պահպանի»չով:
Շնորհակալութիւն Միսաք Քէլէշեանին: Վարձքը կատար դաստիարակչական յանձնախումբի ժրաջան անդամներուն:
(Թղթակցութիւնը՝ եկեղեցիէն)