
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Յուլիս 4ի շաբաթավերջը տեղի ունեցած չորսօրեայ փառատօնով իրենց աւարտին հասան ՀՄԸՄի 39րդ Նաւասարդեան մարզախաղերը: Նահանգի տարբեր շրջաններէն չորսօրեայ փառատօնին մասնակցելու համար, «Պըրմինկհեմ» վարժարան ժամանած ՀՄԸՄի համակիրները, ինչպէս նաեւ փառատօնը լաւապէս կազմակերպած կամաւորները, անգամ մը եւս ներկաներու թիւի նոր մրցանիշ մը կրցան ապահովել։
Այս տարուան կազմակերպական աշխատանքներուն մեծապէս նպաստեց հաղորդակցութեան արդիական միջոցներու օգտագործումը՝ համայնքային իսկական տօնակատարութիւն մը իրականացնելով։
Աւելի քան 3200 մարզիկներու մասնակցութեամբ Մայիսին սկսած ՀՄԸՄի 39րդ Նաւասարդեան մարզախաղերը եւս իրենց գագաթնակէտին հասան չորսօրեայ փառատօնի օրերուն, երբ տեղի ունեցան աւարտական հանգրուանի մրցումները՝ խանդավառ պահեր ստեղծելով ոչ միայն մարզիկներուն, այլ նաեւ մարզիչներուն, ծնողներուն, ազգականներուն, բարեկամներուն եւ ընդհանրապէս ՀՄԸՄի համակիրներուն համար։
Կային նաեւ ժամանցի եւ զուարճանքի այլ առիթներ եւս, որոնք յաջորդական չորս երեկոներուն ընթացքին հաճոյքի պահեր պարգեւեցին ներկաներուն։ Յարութ Փամպուքճեան, «Հոյ Լարի»ն, Քրիստափոր Արապեան, Ճոզէֆ Գրիգորեան, Տիգրան Ասատրեան, Անթուան Պէզճեան, Էլի Պէրպէրեան, «Վիզա», Գագիկ Պատալեան, Սագօ, Յարութ Յակոբեան, Յարութ Պալեան, Մաքսիմ, Հրաչ Պօղարեան, Արշամ, Վարդան, Արա Տապանճեանի եռեակը, «Ուշացանք», Սալբի, Համազգայինի «Սայաթ Նովա» երգչախումբը եւ այլ արուստագէտներ իրենց կատարումներով ճոխացուցին փառատօնը, որուն վերջին օրը տեղի ունեցաւ նաեւ աւանդական հրավառութիւնը։ Ներկաները վայելեցին նաեւ բազմաթիւ կրպակներու մատուցած համեղ ճաշերն ու խմիչքները, միաժամանակ գն-ումներ կատարելով իւրայատուկ նուէրներ ծախող այլ կրպակներէ։
Նաւասարդեան մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբը նաեւ երեխաներու յատուկ խաղավայր մը տեղադրած էր՝ գոհ պահելով նորագոյն սերունդի ներկայացուցիչները։
Նաւասարդեան մարզախաղերու փակման հանդիսութիւնն ու աւանդական տողանցքը տեղի ունեցան Շաբաթ, Յուլիս 5ին. ընթացքին առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան փոխանցեց իր պատգամն ու օրհնութիւնները: Առաջնորդին կ՛ընկերանար Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան: Ներկայ էր նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան:
Ողջունելէ ետք ներկաները եւ վեր առնելով Նաւասարդեան խաղերու դրական ներդրումը ՀՄԸՄի կեանքին ու նոր սերունդի կազմաւորման մէջ՝ առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ «Նաւասարդեան մարզախաղերը մեր սիրտերը յատուկ ոգեւորութեամբ կը համակեն՝ յատուկ խանդավառութիւն բերելով բոլորիս: Իր նշանաբանին հաւատարիմ, ՀՄԸՄը լոկ մարզական առաքելութեամբ չէ որ կը ծառայէ իրերայաջորդ սերունդներուն, այլ իր դարաւոր առաքելութեամբ, Քրիսեաններու եւ Հինդլեաններու շունչով թրծուած՝ հայրենաշէն ոգի կը ջամբէ, ազգային նկարագիր կը կերտէ ու այս տօնախմբութիւններուն ճամբով անցեալն ու ներկան կը կամրջէ»: Սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ հայ ժողովուրդը աշխարհով մէկ կը կանգնի Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին. «Յաջորդ տարի, աշխարհասփիւռ համայն հայութիւնը պիտի ոգեկոչէ մեր միլիոնաւոր նահատակներու յիշատակը եւ անգամ մը եւս, ամէնէն հնչեղ կերպով պիտի բարձրացնէ մեր պահանջատիրութեան ձայնը: ՀՄԸՄի 39րդ մարզախաղերը որքա՜ն խորհուրդ կը պարփակեն իրենց մէջ, որքա՜ն ուժ կը ներշնչեն մեզ, ու վերջապէս՝ ինչպիսի՛ ուժգին պատասխան են ցեղասպան թուրքին», յայտարարեց առաջնորդը եւ շեշտեց. «ՀՄԸՄը մեր նկարագիրի իսկական ծնունդն է. անոր խրոխտ ու արի շարքերը, Ցեղասպանութենէն վերստին յառնող մեր ժողովուրդին նման, հայրենի հողէն հեռաւոր այս ափերուն վրայ, իրենց տողանցքով՝ ՅԱՂԹԱՆԱԿ կը շեփորեն, մեր ազգի գոյատեւումը կը պանծացնեն, ազգային մեր պահանջատիրութեան դրօշը կը պարզեն, մեր ազգի աննկուն ոգին ու անոր ամուր կամքը կը յայտարարեն»:
Ան բարձր գնահատեց ՀՄԸՄի վարչական եւ միւս պատասխանատուներուն նուիրեալ ծառայութիւնը՝ յիշեցնելով, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2014ը հռչակած է «Տարեցներու Տարի», ու ընդգծեց, որ ՀՄԸՄի երէց սերունդն ալ իր ուխտը կը փոխանցէ նորահաս սերունդին: Վերջապէս, ան գնահատանքով եւ շնորհաւորական խօսքերով արտայայտուեցաւ մարզախաղերու այս տարուան Պատուոյ նախագահ՝ տէր եւ տիկին Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեան ամոլին, ու տիպար ՀՄԸՄական եղբայր Համլէթ Չրախճեանի մասին, ապա իր խօսքը եզրափակեց՝ օրհնելով ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքն ու անոր շուրջ բոլորուած մեր ժողովուրդը:
Նշենք, որ Հինգշաբթի, 3 Յուլիսին, սրբազանը այցելութիւններ տուած էր կրպակներուն եւ գնահատանքով արտայայտուած տարուող աշխատանքին մասին: Առաջնորդին կ՛ընկերանար Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան:
Նաւասարդեան 39րդ մարզախաղերու տօնակատարութենէն եւ տողանցքէն անմիջապէս ետք, նոյն մարզադաշտին վրայ ելոյթ ունեցաւ Անթուան Պէզճեան՝ ներկայացնելով ազգային-յեղափոխական երգեր, որոնց ընթացքին տեղի ունեցաւ հրավառութիւն:
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Նաւասարդեան մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբին, համայնքի մեծագոյն ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակելուն համար, ինչպէս նաեւ՝ ՀՄԸՄի բոլոր անդամներուն, համակիրներուն եւ հովանաւորողներուն, որոնք կարելի դարձուցին Նաւասարդեան 39րդ մարզախաղերը։
(Քաղուած՝
Տօնիկ Տօնապետեանի
եւ Ազգ. առաջնորդարանի թղթակցութեններէն)