ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Թուրքիոյ գործող վարչապետ, նախագահութեան թեկնածու եւ գէթ այժմու տուեալներով յառաջիկայ հաւանական նախագահ Էրտողանին վերագրուող քարոզչական գործողութիւնները հայկական հարցերուն նկատմամբ աշխոյժ ընթացքի մէջ կը թուին ըլլալ: Թէկուզ՝ ապատեղեկատուութեան կարգով:
Պարզ էր, որ ցաւակցական գործողութեան պիտի հետեւէին այլ «ժեսթ»եր (ցուցադրական քայլեր-Խմբ.): Ժեսթային այս քաղաքականութիւնը կրնայ տարբեր շարժառիթներ ունենալ:
Իր այսօրուան կարգավիճակին նկատառումով Էրտողան, բնականաբար շատ կարեւոր պիտի նկատէ ներքին սպառման շուկան: Ամբոխային տրամադրութիւններու վրայ ազդելու միջոցներու լիարժէք օգտագործման դէպքերը պիտի շարունակեն յաջորդել իրարու: Խնդիրը այս պարագային սերտօրէն փոխառնչուած է: Արտաքին քաղաքականութեան մէջ նոր հորիզոններ բանալու հնարաւորութիւն ցոյց տալը ներքին անդրադարձ կ՛ունենայ անշուշտ եւ քուէահաւաքի աշխատանքին վրայ անպայման իր ազդեցութիւնը կը ձգէ:
Նախ եւ առաջ քրտական հանգոյցի լուծման համար առնուած քայլերը ներթրքական հասարակութեան վրայ այս կամ այն ձեւով ազդեցիկ դեր կ՛ունենան: Չենք խօսիր տակաւին ուղղակի քիւրտ ազգաբնակչութեան կատարելիք ընտրանքին մասին, իր գերխնդիրին լուծման ուղղութեամբ առնուող քայլերուն համապատասխան գնահատական տալու եւ այդ գնահատականին քուէական դրսեւորումը կատարելու մասին: Եւ բնական է, որ միանշանակ դրսեւորումներ չեն արձանագրուիր այս պարագային:
Արտաքին-ներքին շարժառիթներ ունեցող նման հարցերու շարքին կրնայ դասուիլ նաեւ հայկականը: Արտաքին հարց լուծելու տպաւորութիւնը թողելով, ներհասարակական շրջանակներուն վրայ որոշակի ազդեցութիւն բանեցնելու քաղաքականութիւնը գուցէ: Այստեղ ոչ միայն դասական կամ թաքուն համայնքին մասին է խօսքը, այլ նաեւ այն շրջանակները, որոնք նման հարցերու հարթման համար այլընտրանքային մտածողութեամբ հանդէս կու գան:
Ամբողջովին կրնայ համոզիչ չթուիլ այս տեսակէտը: Հայերուն ուղղուած ցաւակցութիւնը կամ սահման բանալու տակաւին թէական խոստումը (տես էջ 11) որքանո՞վ կրնայ բարձրացնել Էրտողանի արժէքը ներքին շուկային մէջ: Շարժառիթներու փոխառնչութեան վարկածը այստեղ ինքզինք աւելի զգալի կը դարձնէ իբրեւ ներկայութիւն, եթէ յիշենք ցաւակցական նշանաւոր ուղերձին միջազգային ընտանիքին ուղղուած ըլլալը: Աշխարհաքաղաքական կեդրոններու պահանջ էր սահմանի բացումը: Նոյն այդ կեդրոնները շատ անգամ յիշեցուցին Էրտողանական վարչակարգին, որ թելեր ունին իրենց ձեռքին՝ շարժելու քաղաքացիական եւ հասարակական շարժումները Թուրքիոյ տարածքին: Չմոռնանք, որ ներհասարակական այդ շարժումները գաղափարական ուղղուածութիւններով, կենսոլորտի, բնապահպանութեան եւ քաղաքացիական տարբեր առաջադրանքներ արծարծելով՝ չհատեցին ազգային խնդիրներու սահմանը: Ինքնութեան հարցերու բարձրացումը արդէն նոր տարողութիւն կ՛ապահովէր շարժումին: Այդ պահը չէ հասած ըստ երեւոյթին:
Սահմանի բացման ուղղութեամբ անպաշտօն տեղեկատուութիւնը կրնայ հակավարկանշային մտադրութիւն ունեցած ըլլալ՝ նկատի ունենալով նախագահական ընտրութեան մօտալուտ ըլլալը: Հիմա ուշադիր կարդանք լրատուութիւնը:
«Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը ծրագրէ բանալ ղարաբաղեան պատերազմի պատճառով 1993ին փակուած եւ տարիներ շարունակ փակ մնացած Հայաստան-Թուրքիա սահմանը: Թրքական լրատուականները, «Թարաֆ» պարբերականին յղումով, կը գրեն, որ ատիկա պիտի ըլլայ Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի 2րդ քայլը՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ:
«Թարաֆ»ը ճանչցուած է իբրեւ հակակառավարական դիրքորոշում ունեցող թերթ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հերքումը նախ եւ առաջ մտածել կու տայ, որ «Թարաֆ»ը նման ապատեղեկատուութիւն կատարած է ընտրութիւններուն Էրտողանի վարկանիշը նուազեցնելու համար: Անկախ անկէ, որ սահմանի բացումը կը կայանա՞յ, թէ ոչ, այս «անպաշտօն» տեղեկատուութիւնը իբրեւ «ցաւակցութեան» շարունակութիւն կ՛ընկալուի: Ի՛նչ ալ եղած ըլլան շարժառիթները, սահմանի բացման հաւանականութիւնը արդէն իբրեւ լրատուութիւն թրքական լրատուադաշտին մէջ աշխուժօրէն շրջանառութեան մէջ դրուած է: Թրքական կողմը կ՛առաջադրէ անոր իբրեւ ժեսթ ընկալումը նախքան հայկական կողմէն, միջազգային ընտանիքէն: Փաստօրէն, այդպէս ալ բնութագրուած է՝ 2րդ ժեսթ:
Հայկական լրատուադաշտը, եթէ այս յայտարարութիւնը ներկայացնէ իբրեւ 2րդ ժեսթ, ոչ միայն պատճէնահանած կ՛ըլլայ թրքական տեղեկատուական մեքենային արտադրութիւնը, այլ աւելի՛ն: Ընդունած կ՛ըլլայ ցաւակցութեան առաջին ժեսթ ըլլալը:
Պաքուն անպայման կ՛արձագանգէ՛ այս լրատուութեան: Ամենայն հաւանականութեամբ թրքական տարբերակով՝ «անպաշտօն» ձեւով:
Մեր անմիջական խնդիրը այս տեղեկատուական գործողութիւնը իբրեւ ժեսթ չընկալելն է. աշխատիլը, որ իբրեւ այդպիսին չընկալէ նաեւ միջազգային կարծիքը: