
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի աւագ հիւպատոս Նասիմի Ակայեւ յայտնած է, թէ Ատրպէյճան ծրագրած է Քալիֆորնիոյ մէջ մնայուն ներկայացչատուն մը բանալ, միաժամանակ մտահոգութիւն յայտնելով Ամերիկայի մէջ հայութեան ունեցած ազդու ներկայութենէն։ Ան նաեւ պնդած է, թէ հայերը Ատրպէյճանի յաջողութիւններէն նախանձելու սկսած են։
Ակայեւ շեշտած է, որ Քալիֆորնիոյ մէջ կը բնակին մօտաւորապէս մէկ միլիոն հայեր, որոնք հայկական Սփիւռքի քաղաքական, տնտեսական եւ վարչական կեանքին մէջ ունին ազդու դեր։ Ան յիշեցուցած է, որ նահանգին 1983-1991 թուականներու կառավարիչը հայ մը եղած է, իսկ այսօր նահանգային խորհրդարանին մէջ՝ երկու, իսկ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ՝ մէկ հայ կը պաշտօնավարեն։ Հայեր նահանգի բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ եւս վարչական մակարդակներու վրայ կարեւոր դիրքեր կը գրաւեն, նշած է ան։
Այս իրողութիւնները շեշտելէ ետք, Ակայեւ անդրադարձած է հայկական լոպիին կողմէ իրենց դէմ շղթայազերծուած «թշնամական» գործունէութիւններուն։ Ան ըսած է. «Դաշնակցականները տեւաբար կը շարունակեն Ատրպէյճանի դէմ արգելիչ գործունէութիւններ ցոյց տալ։ Պէտք է ըսեմ, որ անոնք Ատրպէյճանի յաջողութիւններէն կը նախանձին։ Դաշնակցական խմբակներ բազմաթիւ անգամներ մեր կազմակերպած գործունէութիւնները արգիլել ջանացին։ Օրինակ՝ 2012ին, ամերիկեան անջրպետանաւի մը մէջ Ատրպէյճան ուզեց իր աւանդական մուկամի երաժշտութիւնը տեղաւորել, բայց ատիկա հայերու արգելքին բախեցաւ։ Ձեռնարկ մը, որ կազմակերպուած էր Լոս Անճելըսի UCLA համալսարանին կողմէ, հայերու բուռն հակազդեցութեան թիրախ դարձաւ։ Հայերը, երբ չկրցան իրենց փափաքը իրականացնել, այս անգամ՝ քարոզչական ցոյց ըրին»։
Ապա, Ակայեւ թուած է այն բոլոր արգելքները, որոնք ատրպէյճանցիներուն դէմ կը դարբնուին Քալիֆորնիոյ մէջ։ Ան ըսած է, որ երբ հայեր, 2014 Յունուարին, Ատրպէյճանի դէմ օրինագիծ մը ներկայացուցին նահանգային խորհրդարանին, «հայկական լոպին օրինագիծի վաւերացումին համար ամէն ինչ ըրաւ։ Ատրպէյճան, իր կարգին, բուռն բողոք ներկայացուց եւ այս օրինագիծին դէմ հակաքարոզչական շարժում ստեղծեց»։
Ակայեւ յայտնած է նաեւ, թէ հայկական «արմատական հիմնարկութիւններ» հայերէ դրամ կը հաւաքեն Հայաստանի ի նպաստ։ «Անոնք դրամահաւաքի իրենց ձեռնարկները կը ներկայացնեն որպէս մահու-կենաց խնդիր։ Ատկէ բացի, հեռատեսիլներէն եւս նուիրատուութիւններ հաւաքելու արշաւներ կը կազմակերպեն՝ Հայաստանին օգնելու նպատակով, սակայն այդ դրամին մեծ մասը Հայաստանի կառավարիչներու ապօրինութեան շրջանակին մէջ կը կորսուի։ Կառավարութեան մէջ պաշտօն ունեցող անձերը կ՛իւրացնեն այդ դրամները։ Ասիկա երկար ատենէ ի վեր կը շարունակուի։ Ասոր ամէնէն մեծ վնասն ալ կը կրեն ամերիկահայերն ու Հայաստանի աղքատ ժողովուրդը», ըսած է ան։