ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուած է «Հայաստանի եւ Ռուսիոյ կառավարութիւններուն միջեւ Ռուսիոյ տարածքին Հայաստանի քաղաքացիներու եւ Հայաստանի տարածքին Ռուսիոյ քաղաքացիներու գտնուելու կարգի մասին» համաձայնագիրի կնքման առաջարկին: Այլ որոշմամբ համաձայնութիւն տուած է 19 Յուլիս 1994ին երկու երկիրներու տարածքին աշխատող քաղաքացիներուն աշխատանքային գործունէութեան եւ ընկերային պաշտպանութեան խնդիրները կարգաւորող համաձայնագիրին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու արձանագրութեան կնքման առաջարկին: Մաքսային միութեան եւ Միասնական տնտեսական տարածքին Հայաստանի միացման ճամբու քարտէզով կը նախատեսուի, որ անդամակցութեան պահուն մեր երկիրը միանայ «Աշխատանքային գաղթականներուն եւ անոնց ընտանիքի անդամներու իրաւական կարգավիճակին մասին» 19 Նոյեմբեր 2010ի համաձայնագիրին, որով աւելի բարենպաստ դրութիւն կը սահմանուի, քան նախատեսուած է Մաքսային միութեան անդամ չհանդիսացող պետութիւններու քաղաքացիներուն համար: Այսպէս՝ արտագնայ աշխատողը եւ անոր ընտանիքի անդամները ազատ կացուցուած են երկիր մուտք գործելու օրէն 30 օրուան ընթացքին աշխատանքի տեղաւորման մարմիններուն մէջ արձանագրուելէ: Ըստ երկրորդ փաստաթուղթին՝ Հայաստանի քաղաքացիները կրնան առանց աշխատանքի յատուկ թոյլտուութեան, տեղւոյն գործատուին հետ աշխատանքային պայմանագիր կնքելով, մէկ տարի աշխատիլ Ռուսիոյ տարածքին: Նշուած դրոյթները պէտք է գործեն միայն Յունուար 2015էն, սակայն սոյն համաձայնագիրներու կնքումը թոյլ պիտի տայ զանոնք կիրարկել աւելի վաղ ժամանակաշրջանին, ինչ որ կը բխի Ռուսիա մեկնող Հայաստանի քաղաքացիներուն շահերէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.