ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Օդային փոխադրութեան ոլորտին մէջ 2014ի առաջին 6 ամիսներուն արձանագրուած է ճամբորդներու եւ թռիչքներու թիւի աւելի քան 25 տոկոս աճ, ինչ որ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ յայտարարուած «Բաց երկնքի» քաղաքականութեան արդիւնք է:
«Արմենիա միջազգային օդանաւակայաններ» ընկերութենէն «Արմէնփրէս»ին յայտնած են, որ այս տարուան Յունիսին՝ 2013 Յունիսին հետ բաղդատելով, «Զուարթնոց»ի մէջ ուղեւորահոսքը աւելցած է 43 տոկոսով: Եթէ 2013ի Յունիսին օդակայանի ծառայութիւններէն օգտուած է 145,339 ուղեւոր, ապա Յունիս 2014ին այդ ցուցանիշը կը կազմէ 208,408 ուղեւոր:
Թռիչքներու թիւի աճը այդ ժամանակաշրջանին կազմած է 42 տոկոս: 2014ի Յունիսին կատարուած է 1995 թռիչք՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի 1405ի փոխարէն: Եթէ 2013ի Յունիսին դէպի «Զուարթնոց» կանոնաւոր թռիչքներ կը կատարէին 27 օդանաւային ընկերութիւններ, անոնց թիւը այսօր հասած է 33ի։ Բացի ատկէ, օդանաւային ընկերութիւններէն շատեր աւելցուցած են իրենց թռիչքներուն յաճախականութիւնները բոլոր ուղղութիւններով, ինչ որ պատճառ դարձած է տոմսերու գինի նուազեցման։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.