ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– 1 Յուլիսին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունած է Սպանիոյ խորհրդարանի անդամ Ուրքօ Այարտզա Ազուրթզան, որուն կ՛ընկերակցէր Հայաստանի Եւրոպացի բարեկամներ կազմակերպութեան տնօրէն Էդուարդօ Լորենզօ Օչոան։
Ողջունելով հիւրերը՝ նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատած է երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման առումով խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերակատարութիւնը:
Էդուարդ Նալբանդեան ողջունած է սպանացի խորհրդարականին այցելութիւնը Արցախ՝ նշելով, որ նման այցելութիւններ կարելիութիւն կու տան անձնապէս ծանօթանալու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին եւ առկայ իրավիճակին:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Ուրքօ Այարտզա Ազուրթզան դիտել տուած է, որ իրեն համար շատ կարեւոր էր այցելել Հայաստան եւ Արցախ ու վստահեցուցած է, որ պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ հայ-սպանական փոխգործակցութեան առաւել ամրապնդման ու խորացման ուղղութեամբ։
Նախարար Նալբանդեան ներկայացուցած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներուն կողմէ գործադրուող ջանքերը:
Զրոյցին ընթացքին միտքեր փոխանակուած են Հայաստան եւ Եւրոպական միութիւն համագործակցութեան շուրջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.