
Քեսապի վրայ յարձակման մասին նոր գիրք մը լոյս տեսած է, ուր ականատեսի իր վկայութիւնները գրի առած է Յակոբ Չօլաքեան (նկարը): Հեղինակը կը նկարագրէ 21-23 Մարտ 2014ի Քեսապի շրջանի հայաթափումը եւ յարձակման մանրամասնութիւնները:
Նշենք, որ լեզուաբան եւ գրագէտ Յակոբ Չօլաքեանի «Քեսապ» եռահատոր շարքը կը համարուի մինչեւ այսօր Քեսապի մասին լոյս տեսած աշխատասիրութիւններու մեծագոյնը՝ ծաւալով եւ պարունակութեամբ:
Ա. հատորը լոյս տեսած է 1995ին, Բ. հատորը՝ 1998ին, Գ. հատորը՝ 2004ին:
Ա. հատորի յառաջաբանը գրած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս՝ երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Սարգիսեան, (յետագային Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոս) եւ ինք քեսապցի ըլլալով, իր խոր գոհունակութիւնը եւ յատուկ շնորհակալութեան զգացումները կը յայտնէ:
Ա. հատորին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ պատմական ակնարկ մը Անտիոքի եւ շրջակայքի հայ գաղթականութեան մասին, ապա անոր երկրորդ գլուխին մէջ կը գտնենք Քեսապի մասին (19րդ դարէն մինչեւ 1915թ.) մանրամասնօրէն տրուած տեղեկութիւններ՝ աշխարհագրական, վարչական բաժանումներու մասին, բնակչութեան, համայնքներու, կրթական եւ մանաւանդ Մեծ Եղեռնի մասին:
Հատորի այլ գլուխներուն մէջ կը գտնենք հետեւեալ նիւթերը. «Քեսապը իբրեւ սփիւռքահայ գաղութ», «Քեսապի տնտեսութիւնը», «Քեսապը եւ միւս գիւղերը»:
Բ. հատորը կ՛ընդգրկէ, հեղինակին խօսքերով, «Քեսապի եւ շրջակայ հայ բնակչութեան ազգագրութիւնն ու բանահիւսութիւնը»: Ազգագրութեան մէջ կը ներկայացուին ընտանիքի կազմութիւնը, ընտանիքը, տունը, տարազը, խոհանոցը, հասարակական յարաբերութիւնները, ժողովրդական բժշկութիւնը, հաւատալիքները, տօներն ու խաղերը:
Բանահիւսութեան բաժինին մէջ տրուած են ժողովրդական խաղիկները, պարերգները, պարեղանակները, օրօրոցայինները, ողբերն ու խաղերգները, առածներն ու ասացուածքները, հանելուկները, բարեւներն ու մաղթանքները, սուտլիկ տաղերը, առակներն ու հեքիաթները:
Գ. հատորը կ՛ընդգրկէ կարգ մը այլ հրատարակութիւններ Քեսապի մասին. անոնք են.
– Տոքթ. Աւետիս Ինճէճիքեանի «Քեսապ եւ իր բարբառը».
– «Ինքնակենսագրութիւն» Մա-րիամ Սարմազեան-Չուրիքեանի.
– Սիմոն Այանեանի «1920թ. մարդահամար Քեսապի եւ շրջակայից» աշխատասիրութիւնը.
– Մաղաքիա Պապուճեանի «Քեսապը Հայաստանում» գործը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ փաստաթուղթեր եւ վկայութիւններ։
«Հորիզոն»