ՌԻԱՏ.- «Արապիա» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի ըսած է, որ «Թեհրանին քիչ ժամանակ մնացած է հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ միջազգային ընտանիքին հետ համաձայնութիւն մը գոյացնելու:
Բանակցային հերթական փուլի նախաշեմին, Քերի Իրանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է ճիշդ որոշում տալու եւ ապացուցելու աշխարհին, թէ իրենց երկրին հիւլէական ծրագիրը բացառապէս խաղաղ բնոյթ ունի:
Իրանի ու «Վեցեակ»ին միջեւ նորագոյն բանակցութիւնները Յուլիս 2ին ընթացք առին Վիեննայի մէջ եւ ի հարկին՝ պիտի տեւեն մինչեւ Յուլիս 20, որ համաձայնութեան գալու վերջին ժամկէտն է:
«Համաձայնութեան գալու համար նախատեսուած ժամանակը կը սպառի, այլեւս ձգձգելու տեղ չկայ: Միացեալ Նահանգներն ու իրենց գործընկերները համաձայն չեն այդ ժամանակը երկարաձգելու։ Իրան պէտք է վերջնական որոշում տայ», յայտնած է Քերի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.