ԵՐԵՒԱՆ, «Ռազմ.ինֆօ».- Ֆրանսական «Airbus Defence and Space» ընկերութիւնը Յունիս 30ին դէպի անջրպետ արձակած է ատրպէյճանական «Ազերքոզմոս» ծրագիրին պատկանող «SPOT-7» հետախուզական արբանեակը, որ կրնայ մօտաւորապէս 10 տարի գործածուիլ:
Ատրպէյճանական «Թուրան» լրատուական գործակալութեան համաձայն՝ այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Ատրպէյճանի հաղորդակցութեանց եւ բարձր արհեստագիտութեան նախարար Ալի Ապասով: Ան շեշտած է, որ բանակցութիւններ կը կատարուին արբանեակի կառավարումը ամբողջութեամբ ատրպէյճանական կողմին փոխանցելու շուրջ: Արբանեակը առիթ պիտի տայ բարձրորակ ու յստակ պատկերներ ստանալու Երկիրի մակերեսէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.