Ջ
ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իսլամական խալիֆայութիւնը վերականգնելու նպատակով Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ արիւնալի արշաւը շարունակող «Իսլամական պետութիւն» կոչուած շարժումի ղեկավար Ապու Պաքր Պաղտատի, «խալիֆա» հռչակուելէն ետք իր առաջին ուղերձին մէջ յայտնեց, թէ ներկայիս աշխարհը բաժնուած է երկու կողմերու՝ իսլամական պետութեան զօրակցողներ եւ «անհաւատներ»: Պաղտատի քննադատեց աշխարհիկութիւնը, ժողովրդավարութիւնը եւ ազգայնական շարժումները՝ խոստանալով «ջախջախել» զանոնք։ Ան պնդեց, որ Սուրիան եւ Իրաքը միայն սուրիացիներուն եւ իրաքցիներուն համար չեն, այլ բոլոր իսլամներուն. ան նաեւ խոստացաւ գրաւել Հռոմը:
Միւս կողմէ, Մարդկային իրաւանց սուրիական դատարանը հաղորդեց, որ Իսլամական պետութիւնը «Հալէպի վիլայէթ»ին մէջ ազատ արձակած է իր մօտ գտնուող 100 արգելափակեալներ՝ Իսլամական խալիֆայութեան հաստատման առիթով Պաղտատիի հրապարակած ներումի հրամանագիրին հիմամբ:
Նաեւ, «Արապիա» կայանը կը հաղորդէ, որ Իսլամական պետութիւն շարժումը յայտարարած է, որ իր տրամադրութեան տակ երկու հեռահար հրթիռ ունի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.