ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Ռիա Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտարարած է, թէ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն քանի մը թեկնածուներ նկատի ունի Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակի պաշտօնին համար, իսկ մինչեւ նոր միջնորդի մը նշանակումը՝ Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ բանակցութիւնները պիտի չվե-րսկսին:
«Ընդհանուր քարտուղարը տակաւին չէ կողմնորոշուած (Լախտար) Իպրահիմիի յաջորդող թեկնածուի հարցով: Մենք զայն կը յորդորենք այդ մէկը կարելի եղածին չափ շուտ ընել՝ մեկնելով բանակցային հոլովոյթին մէջ երկարատեւ դադար չարտօնելու անհրաժեշտութենէն», յայտնած է Կաթիլով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.