ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Ամէն տարի վարժարանները իրենց ուսումնական շրջանը աւարտող աշակերտներուն բարի երթ կը մաղթեն եւ պատշաճ հանդիսութեամբ անոնց վկայականներ տալով՝ զանոնք կ՛անուանեն սոյն տարեշրջանի շրջանաւարտներ:
Այս տարի Հայ Քոյրերու վարժարանը իր զոյգ հանդէսները կատարեց Շաբաթ, Յունիս 14ին, առաւօեան՝ մանկապարտէզի բաժինին համար եւ յետմիջօրէին՝ միջնակարգի:
Միշտ աւելի խանդավառութիւն եւ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ մանկապարտէզի հանդէսը։ Մանկապարտէզի աշակերտները, հազիւ կարդալու սկսած՝ մանկական աշխարհին պէտք է հրաժեշտ տան եւ անցնին նախակրթարան։ Բայց կարծես այդ իսկ պատճառով, իրենց հրաժեշտը կ՛ըլլայ պարերով, երգերով, ցատկռտելով եւ անմոռանալի մթնոլորտ մը ստեղծելով: Ծնողներուն համար ալ մեծ խանդավառութիւն է այս հանդէսը. չէ՞ որ անոնց ալ առաջին փորձառութիւնն է՝ որպէս շրջանաւարտի ծնողներ։ Յուզում, ուրախութիւն եւ հպարտութիւն՝ տիրապետող զգացումներն են սրահէն ներս, որ ժամանակէն առաջ լեցուած է անհամբեր ներկաներով. բոլորն ալ պիտի վայելեն իրենց սրտահատորներուն երեք տարիներու ընթացքին ամբարած գիտելիքները, զարգացուցած ունակութիւններն ու ձիրքերը:
Վարժարանիս մանկապարտէզի տնօրէնուհի Սոնիա Գազանճեանի բացման խօսքով ընթացք առած հանդէսը շարունակուեցաւ երկլեզու քայլերգներով, աղօթքներով, երգերով, պարերով եւ գեղեցիկ անակնկալներով, ու վերջապէս՝ տնօրէնուհի քոյր Լուսիայի փակման խօսքով եւ վկայականներու բաշխումով: Սակայն հանդէսը չէր աւարտած. կար մեծ անակնկալ մը. վարժարանիս տնօրէնութիւնը գեղեցիկ մտա-յղացումը ունեցած էր պատուելու մանկապարտէզի տնօրէնուհի Սոնիա Գազանճեանը՝ գնահատելով անոր 25 տարուան անսակարկ աշխատանքն ու ծառայութիւնը, որ մեծապէս նպաստեց մանկապարտէզի նիւթական եւ ուսումնական մակարդակներու բարելաւման, արդիականացման, յառաջխաղացքին եւ ընդարձակման: Այս առիթով, մեծարեալին յանձնուեցան 25 տարուան աշխատանքը հաստատող գնահատագիր մը եւ պատշաճ նուէրներ:
Յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ միջնակարգի հանդէսը: Հայ Քոյրերու վարժարանին յատուկ է աւարտական հանդէսէն առաջ՝ շրջանաւարտ դասարանի աշակերտական պատարագը՝ վեր առաքելու համար գոհաբանական աղօթքը եւ փառք տալու Աստուծոյ, աշակերտներուն վայելած ամէն տեսակի բարիքներուն համար:
Արդարեւ, Կիրակի, Յունիս 8ի առաւօտեան, Կլենտէյլի Հայ կաթողիկէ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին ցնծաց, երբ վարժարանի հունձքը նուիրաբերուեցաւ խորան։ Աշակերտները իրենց տարազներով քալեցին դէպի եկեղեցի, առաջնորդութեամբ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Միքայէլ եպիսկոպոս Մուրատեանի, ժողովրդապետ Անտոն վրդ. Նորատունկեանի, ուսուցիչներու եւ դպիրներու, շարականներու երգեցողութեամբ մուտք գործելով տաճար, ուր ծնողները կը սպասէին անհամբեր, գոհունակութեան եւ փառաբանութեան զգացումներով լի:
Աշակերտները մասնակցեցան Ս. պատարագին. օրուան պատարագիչն էր Միքայէլ եպս. Մուրատեան, որ քարոզը հասցէագրեց շրջանաւարտներուն՝ զանոնք խրախուսելով ապագայ յաջողութիւններու հեռանկարով, վստահեցնելով, որ անոնք արդէն իսկ զինուած են իրենց թռիչքը ապահովող երկու թեւերով՝ քրիստոնէութեամբ եւ ազգային գիտակցութեամբ։
Աշակերտներուն կողմէ սրտի խօսք կարդացին Թալիա Սողոմոնեան (անգլերէն) եւ Արսէն Մարգարեան (հայերէն): Յետ պատարագի, տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ:
Յուզումնալից արարողութեան աւարտին, ծնողք, աշակերտ եւ դաստիարակ, հոգեկան մեծ բաւարարութեամբ վերադարձան տուն՝ կրկին հանդիպելու յաջորդ շաբաթ՝ աւարտական պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին:
Շաբաթ, Յունիս 14ի յետմիջօրէին, Հայ Քոյրերու վարժարանի 2013-14 տարեշրջանի շրջանաւարտներու պաշտօնական հանդէսը տեղի ունեցաւ վարժարանիս «Դանիէլեան» սրահին մէջ: Հանդիսութեան ներկայ էին գերապայծառ տէրը, առաքինազարդ քոյրերը, ուսուցիչներ, հիւրեր, ծնողներ եւ հոծ բազմութիւն մը: Շրջանաւարտներուն կողմէ Տէրունական աղօթքի, ապա հայկական եւ ամերիկեան քայլերգներու ներկայացումով հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ եւ շարունակուեցաւ պաշտօնական խօսքերով՝ գերապայծառ հօր, տնօրէնուհի քոյր Լուսիայի, դաստիարակներ Լինտա Գանտիլեանի եւ Ուիլեըմ Պասեթի կողմէ, իսկ աշակերտներուն կողմէ ուղերձ արտասանեցին Մեղրի Մարգարեան (հայերէն) եւ Ալէն Եուսուֆ-Ղարիպեան (անգլերէն):
Աւանդութիւն դարձած աշակերտական խորհուրդի խօսքը փոխանցեց այս տարեշրջանի ատենապետուհի, շրջանաւարտ Նայիրա Մարութեանը. ան կարդաց նոյն տարուան ընթացքին իրենց իրագործած նուաճումներուն մասին, ապա իր պաշտօնը հանգամանօրէն փոխանցեց յառաջիկայ տարուան նորընտիր ատենապետուհիին՝ Ալիք Տէր Պետրոսեանին:
Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ հայերէն եւ անգլերէն արտասանութիւններով եւ խմբերգներով, որոնց դաշնամուրով կ՛ընկերակցէր վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի Վարդուհի Պաղտասարեան: Հանդիսութիւնը համեմուեցաւ Սթեֆընի Գալաճեանի եւ Նայիրա Մարութեանի՝ դաշնամուրի վրայ ներկայացուցած գեղեցիկ երաժշտութիւններով։ Ապա գնահատագիրներ յանձնուեցան արժանաւորներուն, իսկ Նախագահական գնահատագիրի արժանացողներէն Կարէն Քէչէճեանը ներկայացուց իր սրտի խօսքը:
Հանդիսութեան աւարտին, վկայականներու բաշխումէն ետք, Արմինէ Շէրիկեան յայտարարեց եւ գոչեց աւարտականները՝ «2014 տարուան շրջանաւարտներ». անոնք ծափողջիւններու եւ ուրախութեան բացագանչութիւններու ներքոյ մէկ կողմ նետելով իրենց գլխարկները՝ հեռացան սրահէն:
Ուրախութիւնը շարունակուեցաւ շքեղ ընթրիքով, պարերով եւ ճոխ երաժշտութեամբ։
Հայ Քոյրերու վարժարանի 2014 ուսումնական տարեշրջանը այսպիսով վերջ գտած էր՝ աւելցնելով վարժարանի պատմութեան մէջ տարի մը եւս իր յաջողութիւններով եւ վերելքներով: Կը շնորհաւորենք բոլոր ուսուցիչները, որոնք անսակարկ իրենց աշխատանքը նուիրաբերեցին պատուաբեր սերունդ մը պատրաստելու: Կը շնորհաւորենք ծնողները, որոնք ջանք չխնայեցին իրենց զաւակներու դաստիարակութեան համար. նաեւ յաջողութիւն կը մաղթենք շրջանաւարտներուն, որոնք պիտի ըլլան Հայ Քոյրերու վարժարանի դեսպանները՝ իրենց գացած իւրաքանչիւր երկրորդական վարժարանին մօտ: