ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Սիրելի ընթերցող, եթէ բանալու ըլլանք Ս. Մալխասեանի «Հայերէն Բացատրական Բառարան»ը, ապա ԳՆԱՀԱՏԵԼ բային դիմաց հետեւեալ երկու բացատրութիւնը պիտի կարդանք.
ա. Գինը կտրել, գինը՝ արժէքը որոշել.
բ. Մէկի կամ մի բանի յարգը՝ արժէքը, ճանաչել, յարգանք մատուցանել ըստ արժանիքի:
Առաջինը նիւթականի կ՛ակնարկէ, թէ առարկան՝ նիւթը, օրինակ՝ մանեակ մը, որքա՞ն կ՛արժէ, իսկ երկրորդը՝ երեւոյթի մը արժէքը «ճանաչել, յարգանք մատուցանել ըստ արժանիքի», որ աներեւոյթ է, հոգեկան է, չի տեսնուիր, այլ կը զգացուի:
Հայոց պատմութեան մէջ բազմաթիւ են երկրորդ ձեւի գնահատանքի օրինակները։ Պատանեկութեանս շրջանին, երբ նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտ էի, Մուշեղ Մամիկոնեանի կատարած ասպետական ոգիի արդիւնք մէկ դէպքը մեծ ազդեցութիւն ձգած է հոգիիս եւ սիրտիս մէջ։ 370ին, Դավրէժի պատերազմին, պարսից Շապուհ արքան, վրէժ լուծելու համար, պատերազմ կը յայտարարէ Հայաստանի դէմ։ Թագաւորը իրեն հետ կը բերէ կանանոցը, իսկ իշխանները՝ իրենց իշխանուհիները։ Պատերազմի ընթացքին, Շապուհի կանանոցն ու իշխանուհիները գերի կը բռնուին: Մուշեղ Մամիկոնեան, փոխանակ զանոնք սպաննելու, կառքերու մէջ դրած՝ Պարսկաստան կը ճամբէ, մեծ գոհունակութիւն պատճառելով պարտուած թագաւորին եւ իշխաններուն: Շապուհ թագաւոր, առ ի գնահատանք, «իր գինիի գաւաթին վրայ փորագրել կու տայ Մուշեղ Մամիկոնեանին նկարը՝ ճերմակ ձիուն վրայ նստած. գիշերը, ընթրիքի պահուն, երբ բաժակը կը վերցնէ գինի խմելու, կ՛ըսէ. «Ճերմակաձին, գինի արբցէ»», կը գրէ պատմագիր Փաւստոս Բիւզանդ։
Լաւ կը յիշեմ, երբ Հայոց պատմութեան պահը կը վերջանար եւ զբօսանքը կը սկսէր, մենք աքասիայի ծառին տակ կը շարունակէինք վիճաբանութիւնը. բոլորս ալ համաձայն էինք, որ Մուշեղը Շապուհի կանանոցն ու իշխանուհիները պէտք էր սպաննէր: Հետագային, երբ մեր ուսերուն վրայ տարիները ծանրացան եւ մեր մազերուն գոյնը փոխուեցաւ, համաձայնեցանք հայոց պատմութեան մեր ուսուցիչ Յ. Պուրսալեանին ըսածին. «Տղա՛ք, Մուշեղ Մամիկոնեանը շատ լաւ ըրաւ»:
Գեղեցիկ եւ յուզիչ դրուագ մըն է նաեւ Արշակ թագաւորի հանդերձապետ՝ Դրաստամատի դրուագը. ան մազքութներուն դէմ պատերազմին, փրկած էր Շապուհի կեանքը:
Սիրելի ընթերցող, հայոց պատմութեան մեծ քարուղիին վրայ բազմաթիւ են հերոսներու, ֆիտայիներու եւ նեմեսիսականներու դրուագները, եւ հայ ժողովուրդը մեծապէս կը գնահատէ ու կը յարգէ զանոնք: Գնահատանքի համար արժեչափ գոյութիւն չունի. գնահատել անձ մը՝ հոգ չէ, թէ պարզ թէյասեղանի մը շուրջ, ասպետական ոգիի արտայայտութիւն է: Ներկայիս, բոլոր պետութիւնները, հաստատութիւնները, կազմակերպութիւնները, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ երկու կաթողիկոսական աթոռները եւ Հայաստանը, ունին յատուկ գնահատանքի գիրեր։
Ֆրեզնոյի ՀՄԸՄ «Սասուն» մասնաճիւղի վարչութիւնը, որ շրջանիս լաւագոյն գործունեայ միութիւններէն մէկը կը հանդիսանայ, գեղեցիկ գաղափարը ունեցաւ ընթրիքի սեղանի մը շուրջ համախմբելու խմբապետական կազմը, քոյրեր, եղբայրներ, մարզիկներ, ծնողներ եւ բարեկամներ, որոնք 2014 տարեշրջանին, սիրայօժար իրենց աջակցութիւնն ու օժանդակութիւնը բերած էին «Սասուն» մասնաճիւղի գործունէութեան՝ բոլորին շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խօսք փոխանցելու համար:
Ընթրիքի սոյն հաւաքը տեղի ունեցաւ տէր եւ տիկին Նշան եւ Արուս Տէր Գալուստեանի բնակարանի շքեղ պարտէզին մէջ, Կիրակի Յունիս 1ի երեկոյեան, ներկայութեամբ աւելի քան 60 եղբայրներու եւ քոյրերու։ Նշան Տէր Գալուստեան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը հիւրասիրէր սիրտին շատ մօտիկ միութեան մը անդամները, որոնք կը կրեն նոյն զգացումները, սիրտն ու հոգին:
Այս առիթով, իրենց սիրտի ու գնահատանքի խօսքերը փոխանցեցին «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յ. Գարօղլանեան եւ վարչութեան ատենապետ Մայք Թօփալեան, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց, թէ մեծ թիւով եղբայրներ, քոյրեր եւ համակիրներ սիրով ընդառաջած էին վարչութեան հրաւէրին. ան նաեւ յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Տէր Գալուտեան ամոլին, որ լայնօրէն բացած էր իր տան դուռը մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն դիմաց։ Ծնողներ, ուրախ ժպիտը շուրթերնուն՝ հպարտօրէն կը դիտէին իրենց մրջնիկն ու գայլիկը, որոնք խորովածի պնակները ձեռքերնուն՝ սեղաններուն կը սպասարկէին, իսկ ուրիշներ խանդավառ կ՛երգէին, աւելի խանդավառելով միջավայրը:
Գեղեցիկ եւ հմայիչ էր պարզուած երեւոյթը, որ ամբողջութեամբ ՀՄԸՄի ոգին կը դրսեւորէր։ Սօսէ Գնտոյեան, մեներգներով ճոխացուց յայտագիրը, որուն յաջորդեցին հայրենասիրական երգեր ու պարեր:
Ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր:
Վարձքը կատար բոլորին։ Գնահատանքի այս երեւոյթը թող վարակիչ դառնայ նաեւ բոլոր կազմակերպութիւններուն:
Գնահատանքը ասպետական ոգիի արտայայտութիւն է՝ հոգ չէ, թէ անիկա համեստ սեղանի մը շուրջ կատարուի: