
Երկուշաբթի, 17 Յունիս 2014ին, Լոս Անճելըսի հայ համայնքը համախմբուած էր Պեվըրլի Հիլզի «Montage» պանդոկին մէջ, պատուելու եւ բարի երթ մաղթելու համար Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Թաթուլ Մարգարեանին։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան կատարեց հանդիսութեան բացման աղօթքը ու փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները: Ներկայ էին գաղութի կազմակերպութեանց պատասխանատու անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ Ազգային վարչութեան անդամներ, Տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամուհիներ եւ ծխական շրջաններու ներկայացուցիչներ:
Առաջնորդը գնահատանքով արտայայտուեցաւ դեսպան Մարգարեանի օրինակելի ղեկավարութեան մասին եւ դրուատեց անոր պատուաբեր ներկայացուցչութիւնը՝ շուրջ տասնամեակ մը տեւած իր պաշտօնավարութեան ընթացքին: Սրբազանը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրումով, խոնարհութեամբ, բարի կամքով ու գործակցութեան ոգիով դեսպանի ծառայութիւններուն համար եւ իրեն ու ընտանիքին մաղթեց առողջութիւն եւ առաւել յաջողութիւն՝ ապագայ ծառայական մարզերէն ներս: