
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան Նաւասարդեան խաղերու աւանդութիւններուն մաս կը կազմէ նաեւ յաղթանակի պարահանդէս-ճաշկերոյթը, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Յունիս 28ին։
Յաղթանակի պարահանդէսի յանձնախումբը՝ առաջնորդութեամբ Մարալ Նազարեանի, արդէն իսկ կ՛աշխատի յիշարժան ձեռնարկ մը իրականացնելու համար։
Պարահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտ-նուող «Քուփըր Տիզայն Սփէյս» պատմական շէնքի սրահին մէջ։ Հանդիսավարն է յայտնի բժիշկ եւ դերասան տոքթ. Արմանտ Տօրեանը։
Բժշկական եւ դերասանական աշխատանքին կողքին, տոքթ. Արմանտ Տօրեան նաեւ խորհուրդներ կու տայ պատկերասփիւռի բժշկական յայտագիրներու. ան մասնակցած է Արցախի մէջ մարդասիրական առաքելութեանց։
Ձեռնարկի հիւրերն են այս տարուան Ողիմպիական խաղերուն Հայաստանը ներկայացուցած քալիֆորնիահայ մարզիկ Արմէն Սերեպրաքեանը եւ պասքեթպոլի արհեստավարժ մարզիկ Մայք Դանիէլեանը, որ Հայաստանի պասքեթպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետն է։ Դանիէլեան ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Յուլիս 5ին կայանալիք Նաւասարդեան խաղերու փակման արարողութեան։
Պարահանդէսը պիտի խանդավառէ «DJ Omar»ը։
Մինչ երեկոյեան ժամը 6։30ին սկսող պարահանդէսին տոմսերը սպառած են, ժամը 10ին սկսող խրախճանքին համար սահմանափակ տոմսեր տրամադրելի են։ Տեղեր ապահովելու համար, այցելել
www.itsmyseat.com կայքը։