Յունիս 5էն 22 երկարած ժամանակահատուածին, երբ ծայրայեղ իսլամականներ գրաւեցին Իրաքի մեծագոյն քաղաքները, երկրին մէջ սպաննուած է աւելի քան 1000 մարդ: Այս մասին կը յայտնէ «Տէյլի Սթար»ը՝ յղում կատարելով «Ֆրանս Փրէս» գործակալութեան:
ՄԱԿի Մարդկանց իրաւունքներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի մամլոյ քարտուղար Ռոպերթ Քոլուիլի համաձայն՝ 17 օրուան ընթացքին սպաննուած է առնուազն 1075 մարդ եւ վիրաւորուած են 658 ուրիշներ: «757 հոգի սպաննուած եւ 599 վիրաւորուած է Նինէուայի եւ Սալահ Էլտին նահանգին մէջ, իսկ Պաղտատի եւ հարաւային շրջաններուն մէջ 318 անձ սպաննուած է ու 590՝ վիրաւորուած», ըսած է Քոլուիլ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.