ԵՐԵՒԱՆ.– Յունիս 16ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանդիսաւոր կերպով Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիրը յանձնեց վաստակաշատ ՀՄԸՄական, ՀՄԸՄ Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Գօգօ Պալեանին:
Հայաստանի նախագահին թոյլտուութեամբ, սփիւռքի նախարարութեան վերապահուած է սփիւռքահայ անուանի գործիչներուն Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիր յանձնելու իրաւունքը:
Գօգօ Պալեան ծնած է 1948ին, Լիբանան, կը բնակի Միացեալ Նահանգներ, մասնագիտութեամբ ձեւագծող է: 1995-2003 թուականներուն եղած է ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, 2007-2011ին՝ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ: 2009 թուականէն մինչ օրս ան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի փոխնախագահն է:
Գօգօ Պալեան ընթերցեց երդումը, եւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան անոր յանձնեց Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիր: Նախարարը կարեւոր նկատեց հայ գործիչին ազգանուէր գործունէութիւնը, յատկապէս ՀՄԸՄի մէջ: Բարձր գնահատելով Գօգօ Պալեանի՝ Սփիւռքի մէջ հայ երիտասարդները հայ պահելու քառասնամեայ հայրենանուէր գործունէութիւնը՝ նախարարը զայն պարգեւատրեց սփիւռքի նախարարութեան ոսկի մետալով: «Գօգօ Պալեանն այն եզակի հայերից է, որ մասնակցել է Վիետնամի պատերազմին: Նրան ճանաչում են ինչպէս Սփիւռքում, այնպէս էլ՝ հայրենիքում, եւ Հայաստանի քաղաքացու անձնագիրը հայազգի մեծանուն գործչին յաւերժ կը կապի Մայր հայրենիքին», նշեց նախարարը։
Գօգօ Պալեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան բարձր գնահատանքին համար եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց նոյն ոգիով շարունակելու հայապահպանութեան նպատակով ի գործ դրած իր ջանքերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.