ՇՐՄԸՆ ՕՔՍ.- «Արփա» հասարակական կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Հինգշաբթի, Յունիս 26ին նախատեսուած «Հայ-թրքական մշակութային կապերու վերայայտնումը՝ երաժշտութեան միջոցաւ» դասախօսութիւն-երաշժտական ներկայացումը ջնջուած է չնախատեսուած պատճառներով: Անոր ընթացքին ելոյթ պիտի ունենար յայտնի դաշնակահար Այիշէ Թաշփինար, լուսարձակի տակ առնելու համար այն իրողութիւնը, որ թրքական երաժշտութիւնը եւ մշակոյթը որքանո՛վ պարտական են հայ արուեստագէտներուն, յատկապէս՝ երաժիշտներու ներդրումներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.