
ԱՆԱՀԻՏ ՄԷՅՄԱՐԵԱՆ
«Համբարձում, եայլա՛,
Եայլա՛ ջան, եայլա՛,
Լաւ օրեր, եայլա՛,
Եայլա՛ ջան, եայլա՛»:
Յովհաննէս Թումանեան
Սիրելի՜ Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան, «Լաւ օրերը» ո՞ւր չքացան: Ինչպէ՞ս եայլաները՝ սարերը բարձրանալ եւ երգ ու ծաղիկով վիճակ հանել, երբ մէկ գիշերուան մէջ Քեսապը՝ «պատառ մը Հայաստանը» վոհմակներու կողմէ յափշտակուեցաւ, երբ Հալէպ՝ մեր գաղթավայրը, հետզհետէ դժոխքի վերածուեցաւ, քարուքանդ եղաւ, երբ Արցախի սահմանագիծին վրայ սիրասուն երիտասարդները կը նահատակուին: Ի՞նչ սիրտով Համբարձում տօնել…
Հայ ազգը, սակայն, դարերու ընթացքին շա՜տ դժոխքներէ անցած է, բայց գոյատեւած՝ շնորհիւ իր ապրելու հզօր կամքին. կարեւորը չյուսահատիլն է ու պայքարիլը մինչեւ յաղթանակ: Այս տարի ալ, Համբարձում կը տօնենք, թէեւ հոգեկան խռովքով եւ առանց պարի…
Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան ԱՄՆի «Անահիտ» մասնաճիւղը՝ Սան Ֆերնանտօ հովիտի մէջ իր հիմնուած տարիէն՝ 1958էն ի վեր հայկական աւանդութիւնը պահելով Համբարձում կը տօնէ: Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ մեր տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի երկինք համբարձման արարողութիւնէն ետք Ֆերահեան վարժարանի շրջափակին մէջ ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղը ճաշկերոյթ կը կազմակերպէր:
1960-70ական տարիներուն աշակերտները հայկական տարազներով կ՛երգէին, կը պարէին, «Անոյշ» օփերայէն մաս մը կը ներկայացնէին, վիճակ կը քաշէին: Օրուան ամբողջ հասոյթը դպրոցին կը յատկացուէր: Յետագային մասնաճիւղը սկսաւ երթալու բնութեան ծոցը կամ ծովափ:
Այս տարի, մասնաճիւղի տարեց եւ բազմավաստակ ընկերուհիներէն՝ Խաթուն Շաքարեան, փափաք յայտնեց որ Համբարձման ճաշկերոյթը կատարենք Կրանատա Հիլզի բլուրի վրայ գտնուող իր ընդարձակ բնակարանին մէջ: Ան, Շիքակոյի մէջ նորոգ հանգուցեալ իր եղբօր՝ Մովսէս Գասապեանին հոգւոյն համար կ՛ուզէր այս բարիքը ընել:
Մայիս 29, 2014ին, եկեղեցւոյ արարողութենէն ետք, առաւօտեան ժամը 11ին գացինք ընկերուհիին գեղատեսիլ բնակարանը: Ան իր քրոջ աղջկան՝ տիկին Սիրվարդ Իփճեանին եւ անոր զաւկին՝ Քելլիին հետ գեղեցիկ սեղաններ զարդարած էր եւ ըստ իր սովորութեան՝ համեղ ճաշեր պատրաստած:
ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ Սիլվա Փօլատեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, Յասմիկ Անանեան քերթուած մը կարդաց նուիրուած ընկերուհի Շաքարեանին, իսկ ես՝ Շաքարեան ընտանիքին ազգանուէր ծառայութիւններուն մասին տեղեկութիւններ տուի:
Տաղանդաւոր երգչուհի Սօսի Մարտիրոսեան, հմայիչ ձայնով մեներգեց «Պախրա»ն, նաեւ «Համբարձում Եայլա»ն եւ այլ երգեր:
Վաստակաշատ ընկերուհի եւ բնիկ քեսապցի Սօսի Փօլատեան, օրուան պատգամը տուաւ: Ան՝ բանասէր Յակոբ Չօլաքեանի «Քեսապ» եռահատոր գիրքերէն քաղած հետեւեալ վիճակագրական ծանօթութիւնները փոխանցեց մեզի:
Ուսումնասիրութիւններու հետեւութիւնը այն է, թէ «Հայաբնակ Քեսապի եւ Սուէտիոյ գաւառները 9-11 դարերուն Անտիոքի շրջանին հայ հոծ գաղթականութեան մնացորդացն են» (Ա. հատոր, էջ 8):
1910ին, Քեսապի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ քսան վարժարաններ կային:
1910ին, Քեսապի Ուսումնասիրաց միութիւնը կը հիմնուի, նպատակ ունենալով «դաստիարակութեան հիմնական գիծն ու նպատակը դարձնել ազգայինը եւ ո՛չ յարանուանականը» (Ա. հատոր, էջ 79):
Դաշնակցութիւնը Քեսապի մէջ կը կազմուի 1906ին:
«1909ին՝ աղէտը եւ 1915ի Մեծ Եղեռնը. շուրջ 8000 հոգի եղող քեսապցիք տարագրութեան տուած են շուրջ 5000 զոհ» (Ա. հատոր, էջ 107):
Սուրիոյ Օգնութեան Խաչը (ՍՕԽ- (ՀՕՄ) Քեսապի մէջ հիմնուած է 1926ին, իսկ ՀՄԸՄը՝ 1930ին:
1939ին, Սանճագի պարպումին, Քեսապ կը մնայ Սուրիոյ մէջ:
1947ին, երկու կարաւանով, 3800 Քեսապցի կը ներգաղթէ Հայաստան:
Քեսապ այցելողներ. 1909ին՝ Սահակ կաթողիկոս Խապայեան, 1932ին՝ Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոս Կիւլէսէրեան: Քեսապ կ՛այցելէ նաեւ Վարդան Շահպազ, Նիկոլ Դուման, Սօսէ Մայրիկ, Լոլա Սասունի, Ռուբէն Տէր Մինասեան, Համաստեղ, Բարսեղ Կանաչեան եւ այլ նշանաւոր մարդիկ:
Եզրակացութիւն՝ իսկապէս «Քեսապ փրկել» կը նշանակէ պատառ մը Հայաստան փրկել:
Ասկէ ետք, վիճակահանութիւն տեղի ունեցաւ:
Վերջաւորութեան ատենապետուհի Սիլվա Փօլատեան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց ազնուասիրտ ընկերուհի Շաքարեանին եւ իր հարազատներուն եւ հայկական գորգի փոքրիկ նմոյշ մըն ալ նուէր տուաւ:
Շուրջ 70 ՀՕՄուհիներ եւ համակիրներ ներկայ էին, եւ հաւաքուած 2500 տոլար գումարը պիտի յատկացուի քեսապցի տարագիրներուն:
Ահաւասիկ, ՀՕՄը 104 տարիներէ ի վեր պատնէշի վրայ է եւ հաւատարիմ իր կոչումին՝ ո՛ւր ցաւ, հո՛ն կաց…