
20-25 Մայիս 2014ին, Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան ԱՄՆ շրջանէն 29 հոգինոց պատուիրակութիւն մը, եզակի շրջապտոյտ մը կատարեց դէպի Ուաշինկթըն Տի.Սի. եւ հետաքրքրական հանդիպումներ ունեցաւ կարեւոր անձնաւորութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ այցելեց պատմական ու յիշարժան վայրեր:
Ուաշինկթըն ժամանումին յաջորդ օրը, մասնակիցները այցելեցին ԱՄՆ Քոնկրեսի գրադարանը, ուր հանդիպեցան հայազգի դոկտ. Լեւոն Աւտոյեանի հետ, որ 1992էն ի վեր, իբրեւ Հայկական եւ վրացական շրջաններու մասնագէտ՝ կը գործէ Ափրիկեան եւ Միջինարեւելեան բաժինին մէջ՝ ընդունելով բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ:
Յաջորդ այցելութեան վայրը «Ռէյպըրն» շէնքն էր, ուր մասնակիցները հիւրընկալուեցան քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի կողմէ (ներկայացուցիչը 28րդ ընտրաշրջանի, որ կ՛ընդգրկէ նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգի Կլենտէյլ քաղաքը): Ապա, անոնք այցելեցին Քոնկրեսի նստավայրը (United States Capitol) եւ իւրայատուկ շրջապտոյտ մը կատարեցին շէնքէն ներս՝ անցնելով այն սրահներէն, որոնք զարդարուած են կարեւոր նկարներով եւ վերջին երկու դարերուն ընթացքին դժուար որոշումներ առած անձնաւորութիւններու կիսանդրիներով:
Այցելութեանց յաջորդ հանգրուանը Ամերիկայի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակն էր, ուր գրասենեակի վարիչ տնօրէն Արամ Համբարեան եւ յարաբերական բաժինի պատասխանատու Էլիզապէթ æուլճեան, հանդիպում մը ունենալով ՀՕՄուհիներուն հետ՝ բացատրեցին անոնց Հայ Դատի մօտակայ թելեթոնին կարեւորութիւնը: ՀՕՄուհիները ուրախութեամբ ցոյց տուին «GoANCA» նարնջագոյն բացիկները:
ՀՕՄի պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր հիւրընկալուեցաւ դեսպան Թաթուլ Մարգարեանի կողմէ: Ուրախալի էր տեսնել գեղեցկօրէն գորգագործուած Հայաստանի Զինանշանը:
Յիշատակելի էր Արեւելեան շրջանի «Սաթենիկ» մասնաճիւղին հետ կազմակերպուած հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ շրջանի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ սրահը, գլխաւորութեամբ շրջանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սեւան Քոլէճեանի եւ մասնաճիւղի ատենապետուհի Վարսենիկ Պետրոսեանի: Երեկոն ծանօթացման գեղեցիկ առիթ մը հանդիսացաւ, մանաւանդ, որ ՀՕՄի 100ամեակէն ի վեր, ասիկա ՀՕՄուհիներու առաջին խումբն էր, որ այդ շրջանը կ՛այցելէր:
ՀՕՄի Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Անահիտ» մասնաճիւղի անդամուհիներէն Մարի Փափազեան բերկրանքով վերադարձաւ «Սաթենիկ» մասնաճիւղ, ուր տուած էր իր ՀՕՄուհիի ուխտը: «25 տարիներէ ի վեր հեռացած էի ՀՕՄուհիի ուխտս տուած մասնաճիւղէն եւ զաւակներս մկրտած եկեղեցիէն: Շատ ուրախացայ հանդիպելով ընկերուհիներուս», ըսաւ Փափազեան:
Շրջապտոյտի մասնակիցները այցելեցին նաեւ Ամերիկայի Կարմիր Խաչի կեդրոնը, ուր զետեղուած է 1988ի Հայաստանի մեծ երկրաշարժի զոհերուն նուիրուած յուշակոթող մը, որ յիշեցուց Կարմիր Խաչի եւ ՀՕՄի կարեւոր դերը՝ օգնելու երկրաշարժի աղէտեալներուն, որոնցմէ շատեր կորսնցուցած էին իրենց ընտանիքի անդամները: Յուշակոթողը կը կոչուի «Motherland» եւ նուիրուած է «Ամերիկայի ժողովուրդին՝ երախտապարտ հայ ժողովուրդին կողմէ»: Ֆրետերիք Սոգոյեան այս քանդակը ամբողջացուցած էր 1990ին, իսկ անոր բացումը կատարուած էր 1991ին:
Մասնակիցները յարգանքի իրենց տուրքը մատուցեցին հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած բոլոր նահատակներուն: Անոնք յատկապէս այցելեցին ԱՄՆի անկախութեան հռչակագիրի հեղինակ Թամըս Ճեֆըրսընի, Էպրըհեմ Լինքընի, Ճան եւ Ռապըրթ Քենըտի եղբայրներուն, ինչպէս նաեւ զոհուած ծովային զինուորներու եւ Վիեթնամի պատերազմի զոհերու յուշահամալիրները, ապա նաեւ շրջեցան Ճորճ Ուաշինկթընի Մաունթ Վերնոնի բնակարանը:
Անոնք ոգեւորութեամբ ապրեցան շրջապտոյտին ընձեռած ընկերային կեանքը, ներառեալ՝ «Փոթոմաք» (Potomac) գետի միասնական ճաշը, Քենըտի կեդրոնի ընթրիքը ու «Bolshoi» պալէի ներկայացումը, ինչպէս նաեւ այցելութիւնը Արուեստի միջազգային թանգարան, ուր ամերիկացի Մերի Քասեթի եւ ֆրանսացի Էտկար Դեկասի ստեղծագործութիւնները կը ցուցադրուէին: Անոնք այցելեցին նաեւ Միջազգային արխիւներն ու Սպիտակ տունը: «Սիմթցոնիըն» օդային եւ անջրպետի թանգարանները եղան եզակի այս այցելութեանց վերջին հանգրուանները:
Շրջապտոյտը հաղորդակցելու գեղեցիկ առիթ մը հանդիսացաւ ՀՕՄի անդամներուն համար: Յատկապէս հաճելի եղան հանրակառքով պտոյտները, որոնց ընթացքին ամէն անհատ, ընկերակցելով խմբերգներուն՝ ուրախ մթնոլորտ մը ապրեցաւ:
ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի անդամ Այտա Պապայեանի բառերով՝ «Վերադարձի թռիչքին ընթացքին, մենք կը շարունակէինք լուռ միասին երգել: Շնորհակալ ենք ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանին, որ կազմակերպեց անմոռանալի այս շրջապտոյտը»:
ՀՕՄի «Սաթենիկ» մասնաճիւղի անդամներէն Իրմա Գասապեան կը գրէ. «Հաճելի էր հանդիպիլ Արեւմտեան շրջանէն ընկերուհիներու… Մենք միասին շատ հաճելի ժամանց ունեցանք»:
ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պօզոյեան, անմոռանալի այս այցելութեան յուշերը եզրակացնելով՝ ըսաւ. «Աշխարհի հզօրագոյն մայրաքաղաք այցելութիւնը դաստիարակչական եւ պատմական եղաւ մասնակիցներուն համար: Յատկապէս ՀՕՄի Արեւելեան շրջանի ՀՕՄականներուն հետ հանդիպումը ձգեց մեծագոյն յիշատակելի տպաւորութիւնը, որ անկասկած պիտի հզօրացնէ մեր հայ-ամերիկեան արժէքները եւ կազմակերպական նպատակները»:
***
ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանը հիմնուած է 1984ին՝ իբրեւ կեդրոնատեղի ունենալով Քալիֆորնիոյ նահանգի Կլենտէյլ քաղաքը: Անիկա 26 մասնաճիւղերով մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է, չորս նահանգներու մէջ գործող աւելի քան 1200 անդամներով: Շրջանի ՀՕՄը ունի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունք, հոգեբանական կեդրոն եւ կը հովանաւորէ պատանեկան-երիտասարդական զանազան ծրագիրներ, կրթանպաստներ եւ այլ նպաստներ:
Մանրամասնութիւններու համար, այցելել ՀՕՄի www.arswestusa.org կայքէջը կամ հեռաձայնել (818) 500-1343 թիւին: