Վըրճինիա Պանտազեանի մահէն ետք՝ 1997ին, անոր դուստրերը՝ Արտեմիս Ճերիքեան, Մելինէ Քերնեքլեան ու զաւակը՝ Պետրոս Պանտազեան, ինչպէս նաեւ անոնց կողակիցները, յաջորդաբար՝ Ճան Ճերիքեան, դոկտ. Մուրատ Քերնեքլեան ու Էսթել Պանտազեան, որոշեցին հաստատել Վըրճինիա Պանտազեանի անուան կրթանպաստի հիմնադրամը:
Այս տարի, նշեալ հիմնադրամնէն հազարական տոլարի կրթանպաստներ ստացած են Սօսի Պուրուճեան, Կալին Թանաշեան եւ Անի Պուռնազեան:
Մանրամասնութեանց կամ 2015ի կրթական տարեշրջանի դիմումնագիրներուն համար, կարելի է դիմել ardemis@aol.com կամ bandaz@aol.com հասցէներուն: Դիմումնագիրները պէտք է ամբողջացուին մինչեւ Մարտ 31, 2015:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.