
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայ իրաւաբաններու միութիւնը իրաւամբ դարձած է համահայկական նշանակութիւն ունեցող կազմակերպութիւն: Այս միութեան յաջորդական ղեկավար կազմերը, սկսելով Րաֆֆի Յովհաննէսեանէն մինչեւ նորոգ հանգուցեալ Վիգէն Սիմոնեանը, մինչեւ Էտուին Մինասեանը, իր լիազօրութիւնը նոր վար դրած Կարօ Ղազարեանը, իրենց մասնագիտական ոլորտէն անդին անցնելով՝ կազմակերպութիւնը վերածեցին մեր ժողովուրդը տագնապեցնող խնդիրներու արձագանգող, անոնց լուծման ճիգերուն մասնակցող կարեւոր ուժի մը:
Տեղական թէ համահայկական հարցերուն, Հայ իրաւաբաններու միութիւնը յաջողեցաւ բերել իր կարեւոր ներդրումը՝ շահելով համայնքի բոլոր հատուածներուն յարգանքն ու գնահատանքը: Արդարեւ, այս միութիւնը իր ներկայութիւնը զգալի դարձուց ամէն տեղ, հո՛ն ուր կանչուեցաւ, հրաւիրուեցաւ, կամ հո՛ն, ուր իր պահանջը կար:
Իր աշխատելաոճով ու իր մօտեցումներով, այս կազմակերպութիւնը իր կարեւոր դերը ունեցաւ նաեւ մեր համայնքին մէջ համերաշխութեան մթնոլորտի ստեղծման մէջ: Միութեան ձայնը՝ հատու, պահանջկոտ, խիզախ, լսելի եղած է Երեւանէն մինչեւ Անգարա, մինչեւ Ուաշինկթըն: Հայ Դատի պայքարի ներկայ հանգրուանին համահունչ, այս միութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց ամէն առիթով իր մասնագիտական խորհրդատուութիւնը մատուցելու, իրաւական գետնի վրայ մեր պահանջատիրութիւնը հիմնաւորելու ուղղութեամբ: Անշուշտ, այս դաշտը նոր է որ կը փորձենք նուաճել ազգովին եւ կը հաւատանք, որ իրաւաբանական միութեան դերակատարութիւնը ժամանակի ընթացքին աւելի եւ աւելի պիտի կարեւորուի:
Մենք վստահ ենք, որ այս օրինակելի աւանդոյթը պիտի շարունակուի նորընտիր ղեկավարութեան կողմէ, որուն գլուխը կանգնած է Արմէն Յովհաննէսեանը: Մէկ այլ դրական յատկանիշ ունի այս միութիւնը, այն է, իր նախկին ու նոր ղեկավարներու համագործակցութիւնը ի շահ միութեան, ի շահ անոր ծրագիրներու իրականացման:
Կարօ Ղազարեանն ալ, իր նախկինին՝ Էտվին Մինասեանի նման, յանձնառու է շարունակել իր աշխոյժ գործունէութիւնը միութեան մէջ: Կը գնահատենք այս գործելակերպը, կը մաղթենք, որ ան վարակիչ դառնայ շրջանիս բոլոր միութիւններուն համար:
Վարձքը կատար Կարօ Ղազարեանի գլխաւորած վարչութեան եւ յաջողութիւն Արմէնին ու իր ընկերներուն: